2017-01-28 10:23:00

Հայկական Բանակի կազմաւորման 25ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթեր


Հայկական բանակի կազմաւորման 25ամեակին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հրապարակուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու նոր դրոշմաթուղթ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեանի, «Հայփոստ Թրաստ Մենեջմեն»չի գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեանի եւ շարքային զինուոր, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից, ատրպէյճանական ուղղաթիռը խոցած Նարեկ Մալխասեանի կողմէ:

Դրոշմաթուղթերէն մէկուն վրայ պատկերուած են Հայաստանի զինուած ուժերու զօրքերու որոշ տեսակները եւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինանշանը:

Երկրորդին վրայ պատկերուած է հայ զինուորներու շարքը՝ ծածանող Եռագոյն դրօշի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինանշանի համադրութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.