2017-01-27 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝Թող Աստուած մեզ ազատէ անշարժութեան մատնող մեղքերէն՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ''Թող Աստուած մեզ ազատէ անշարժութեան մատնող մեղքերէն, բոլոր այն մտավախութիւններէն, որոնք արգելք կը հանդիսանան անցեալը յիշատակելու, եւ յոյս, քաջութիւն ու համբերութիւն ունենալու''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին պարունակութիւնը։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը քաղուած Պօղոս Առաքեալի Եբրայեցիներու ուղղած նամակէն (Եբր Ժ. 32-39) ուր Սուրբ Պօղոս կը գրէ՝ “Յիշեցէք այն առաջին օրերը, երբ հաւատքի լոյսով լուսաւորուած, կրեցիք յորձանքը չարչարանքներու. մերթ հրապարակաւ ենթարկուեցաք նախատինքի եւ նեղութիւններու եւ մերթ բաժնեկից եղաք այդպիսի տառապանքներ կրողներու։” Սրբազան Հայրը յորդորեց քրիսոտնէական կեանքը ապրիլ մեր աչքին առջեւ ունենալով երեք հայեցակէտեր - անցեալը, ներկան եւ ապագան։

Ան նախ  հրաւիրեց անցեալի յիշատակում կատարել, որովհետեւ քրիստոնէական կեանքը չի սկսիր այսօր՝ այլ շարունակական ընթացք մըն է։ Յիշատակել կը նշանակէ յիշել ամէն բան, լաւ եւ նուազ լաւ իրողութիւնները, Աստուծոյ դիմաց դնելով մեր պատմութիւնը առանց զայն ծածկելու։

Յիշելու կարողութիւնը շնորհք մըն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շնորհք մը, որուն համար պէտք է աղօթենք։ Քրիստոնեան յիշողութեան մարդ է։

Կեանքի ճանապարհի ամբողջութեան մաս կը կազմէ ապագայի հանդէպ ունենալ յուսալիր կեցուածք։ Քրիստոնեայի պարագային, սա Քրիստոսի հանդիպելու յոյսն է, ինչպէս կ’ըսէ առաքեալը՝ “Մի´ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, մեծ եւ արդար է անոր վարձատրութիւնը։ Պէտք ունիք յարատեւութեան, որպէս զի Աստուծոյ կամքը կատարելէ ետք հասնիք խոստումին։”








All the contents on this site are copyrighted ©.