2017-01-27 09:14:00

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Իրաք


20 յունուարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց Իրաք, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Մաասումի եւ վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ, որոնք շեշտեցին Իրաքի քրիստոնեաներուն դերը երկրի զարգացման մէջ, մանաւանդ մշակութային, գիտական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը կը նախագահէր Օլաֆ Վիքս Թֆանիթ: Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց, որ  իր տարած աշխատանքին արդիւնքը կ՛ըլլայ երկրին մէջ բարելաւուած մթնոլորտի մը ստեղծումը եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներու Իրաք մնալու, ապրելու երեւոյթը:

Նշենք, որ պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան` իբրեւ Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, որուն պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը կատարուած էր այս տարուան սկիզբը:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հին արեւելեան եկեղեցւոյ պատրիարքարանը, Քաղդէացիներու պատրիարքարանը եւ Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Իրաքի մէջ քրիստոնեաները յուզող նիւթեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.