2017-01-27 09:21:00

Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումի խաղաղութեան կարաւանը


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարի եւս  կը վերադա'նայ աւանդութիւն դարձած Հռոմի թեմի Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղցական բանուորական շարժումի ՝՝խաղաղութեան կարաւանը՝՝, որ կազմուած է քաղաքի զանազան ժողովրդապետութիւններու եւ դպրոցներու դաստիրակիչներէն, ուսանողներէն եւ անոնց ծնողներէն։

Խաղաղութեան կարավանի նպատակն է զարգացնել խաղաղութեան գաղափարականը։ Խաղաղութեան Կարաւանի ժամադրութեան վայրն է ՝՝Քիեզա Նովա՝՝  Նոր եկեղեցիի  հրապարակ՝ ապա Սանթա Մարիա Ին Վալլիչելլա եկեղեցւոյն մէջ նախատեսուած է հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ որմէ  ետք հաւատացեալները կ՝ուղղուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ներկայ գտնուելու համար Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետին, իր գրասնեաեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ հրեշտակ տեառն Մարեմեան աղօթքին եւ այդ առթիւ ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութեան։

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին մօտ  կը կանգնին նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիաքյի անդամ երկու պատանիներ, որոնք նոյն վայրէն կ՛ ընթերցեն  խաղաղութեան պատգամը ապա Սրբազան Քահանաապետին հետ միասին օդին մէջ կ՝արձակեն գունաւոր  թռուցիկներ 

Ացիոնէ քաթթոլիքա շարժումի Խաղաղութեան կարաանին  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 3000 պատանիներ ու հաւատացեալներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.