2017-01-26 09:13:00

Քրեմլին. «Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւնները փաստեցին իրենց յաջողութիւնը»


Քրեմլին իր պատրաստակամութիւնը յայտարարեց «անհրաժեշտութեան պարագային» Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ նոր բանակցութիւններ կազմակերպելու` նշելով. «Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւնները փաստեցին իրենց յաջողութիւնը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց. «Ասթանայի ժողովի արդիւնքները պիտի յանգեցնեն սուրիական հարցի քաղաքական լուծման հոլովոյթի յառաջ մղումին»:

Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր սոլ» կայքը հաղորդեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակցող սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն մէկը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ դիրքը չափազանց թոյլ էր եւ թրքական կողմը չէ կրցած պաշտպանել սուրիական ընդդիմութեան շահերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.