2017-01-25 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Փետրուար-Մարտ ամիսներու գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Փետրուար-Մարտ  2017 տարուան, գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը։

Հինգշաբթի, 2 փետրուարին, տօնն է  Տիրոջ Տաճար ընծայման,  եւ նոյն օրը կը նշուի աձինք նուիրեալներու համաշխարհային 21 օրը։   Այս առիթով, յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան,ներկայութեամբ անձինք նուիրեալներու եւ առաքելական կեանքի ընկերութեան անդամներուն։

Չորեքշաբթի, 1 մարտ 2017-ին,  մոխրոց օր է։ Սրբազան Հայրը, Հռոմի Սան Անսելմօ տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին,  կը մատակարարէ ապաշխարութեան խորհուրդը, որմէ ետք ժամը 5,00-ին,  Սանթա Սապինա տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին մոխիրի զետեղում կը  կատարուի հաւատացեալներուն գլխուն վրայ։

5 մարտ 2017-ին, Քառասնորդաց առաջին կիրակին, Հռոմի արուարձաններու  մէջ  գտնուող Արիչչիա գիւղաքաղաքին մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կը մասնակցի Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան, որ վերջ կը գտնէ ուրբաթ, 10 մարտ 2017-ին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.