(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 27 Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշուի Նորածին Կեանքի համար աղօթքի 44-րդ օրը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի 22 Յունուարին` ԱՄՆ-ի գերագոյն ատեանի` 22 Յունուար 1973-ին արձակած վճիռին դէմ` որով վիժումը օրինական դարձաւ։
Այս տարուայ բնաբանն է “The Power of One” – Անհատի ուժը։
Այս տարի վերոնշեալ թուականը մէկ շաբաթով յետաձգուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան բերումով։ Նորածին կեանքի 44-րդ օրուան առթիւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՛ունենայ քայլարշաւ որմէ առաջ Անարատ Յղութեան Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է աղօթքի հսկում։
All the contents on this site are copyrighted ©. |