2017-01-25 09:39:00

Ասթանայի ժողովին որոշուեցաւ հիմնել զինադուլի հսկողութեան եռակողմ գործիքակազմ մը


Երէկ Ասթանայի մէջ վերջ գտան Սուրիոյ հարցին շուրջ երկօրեայ բանակցութիւնները, որոնց աւարտին Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ռահիմով կարդաց ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն համաձայն, կառչած կը մնանք Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան եւ Սուրիան կը ճանչնանք իբրեւ բազմազան բաղադրութեան ու կրօններու պետութիւն մը»:

«Կը գիտակցինք, որ սուրիական տագնապին միակ լուծումը քաղաքական խաղաղ լուծումն է, ուստի բոլոր կողմերը պէտք է քայլեր որդեգրեն ամրապնդելու համար զինադադարը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ` նշելով, որ «որոշուեցաւ հիմնել եռակողմ գործիքակազմ մը, որ կը շարունակէ զինադուլի եւ անոր խախտումներուն հսկել»` շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը:

«Մենք կը գիտակցինք, որ անհրաժեշտ է բանակցութիւնները սկսիլ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին համաձայն», աւելցուց Ռահմանով` նշելով, որ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ էր:

Սակայն սուրիական ընդդիմութիւնը վերապահութիւն յայտնեց այդ հաղորդագրութեան նկատմամբ, որովհետեւ «չի յիշատակեր Սուրիոյ մէջ Իրանի զինուորական դերակատարութիւնը»:

«Մենք դժգոհ ենք Ասթանայի հաղորդագրութենէն, որովհետեւ կ՛անտեսէ Սուրիոյ մէջ իրանեան զինուորական դերակատարութիւնը», նշեցին ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.