2017-01-25 10:01:00

«Հայկական ուտեստներու երեկոյ» Իտալիոյ մԷջ


Յունուար 20–ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի Սան Ամպրոճիօ Տի Թորինօ աւանին մէջ 108 իտալացիներ հայկական ուտեստներ համտեսելու հրաւէրք  ստացած են: Նախաձեռնութեան հեղինակ Խորէն Պողիկեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ, որ Թորինոյի մէջ հաստատուելէ յետոյ նկատելով, որ այնտեղ հայերը սակաւաթիւ են, միտք  յղացած է  հաւաքոյթ մը կազմակերպելու, ուր հնարաւորութիւն կ’ունենայ իտալացիներուն ցոյց տալու, թէ ինչպիսի ազգ ենք, պատմական ու մշակութային ինչ անցեալ ունինք:

«Հայկական ուտեստներու երեկոյ»-ին, որուն ներկայ  եղած են  Սան Ամպրոճիօ Տի Թորինոյի քաղաքապետն ու փոխքաղաքապետը, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ այլք, հիւրասիրած են խաշլամա, քապապ, բանջարեղէնով աղցաններ, լցոնած քարթոֆիլ, իսկ աւարտին` հայկական սուրճ ու փախլաւա:

Հիւրասիրութենէն բացի`  ցուցադրած են իտալերէն լեզուով Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական մշակոյթին մասին փաստագրական ֆիլմեր:

«Իտալացիները յուզուած ու տպաւորուած էին ֆիլմերու ցուցադրութենէն: Կը մօտենային մեզի եւ իրենց  զգացողութիւններով կը կիսուէին, իսկ ուտեստները շատ հաւնած էին, յատկապէս` լցոնած քարթոֆիլն ու փախլաւան»,-նշեց Խորէն Պողիկեան` աւելցնելով, որ ձեռնարկը իրականութիւն  դարձուցած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին. մայրն ու կինը ուտեստները  պատրաստած են, իսկ հայրը կազմակերպչական հարցերով օգնած:

Ձեռնարկին աւարտին նախաձեռնութեան կազմակերպիչները պատասխանած են հնչեցուած հարցերուն` շեշտելով այն մասին, որ պիտի փորձեն նմանօրինակ հանդիպումները շարունակական դարձնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.