2017-01-24 10:23:00

Ղաթթաս Խուրի այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան


Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի Ժիպէյլ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելեց նաեւ «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահիի եւ «Թռչնոց բոյն»-ի պատասխանատուներուն կողմէ:

«Թռչնոց բոյն»-ի մէջ շրջելէ ետք, Խուրի այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր մանրամասն բացատրութիւններ լսեց թանգարանի տնօրէն Ռիթա Գալենճեանի կողմէ:

Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարին կատարած այցելութեան համար` շեշտելով, որ պատմական այդ կառոյցը պարզապէս թանգարան մը չէ, այլ կառոյց մը, որ ամբողջ աշխարհին մարդասիրութիւն եւ  արդարութիւն կը պատգամէ` ընդգծելով մարդոց եւ աշխարհին խաղաղութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Խուրի շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան այցելութեան առիթով` շեշտելով, որ անիկա Ժիպէյլի մէջ պատմական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւն մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.