2017-01-24 10:42:00

Գերապայծառ Ճամփիեթրօ Տալ Թոզօ-ի Հալէպ այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի՝ Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան բաժանմունքի պատգամաւոր քարտուղար, Գերապայծառ Ճամփիեթրօ Տալ Թոզօ, յունուար 18-23, յատուկ առաքելութեամբ մը գտնուած է Հալէպ։

Սուրիոյ Առաքելական նուիրակ, Կարդինալ Մարիօ Զենարիի եւ Նուիրակութեան խորհրդական՝ Գերապայծառ Թոմաս Հապիպի հետ միասին, Գերապայծառ Տալ Թոզօ հանդիպում ունեցած է քրիստոնեայ համայնքներու եւ անոնց հովիւներուն հետ, որոնք իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Սրբազան Պապին, անոր ցուցաբերած մտահոգութեան համար։

Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ կաթողիկէ մարդասիրական հաստատութիւնները, ինչպէս եւ Քարիթասի կենդրոնը։

Յիշեալ հանդիպումները առիթ տուած են այն եզրակացութեան, թէ հարկաւոր է որ կաթողիկէ մարդասիրական հաստատութիւնները հասնին Սուրիոյ բոլոր ժողովուրդին օգնութեան։ Այդ կարելի պիտի ըլլայ ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.