2017-01-24 10:32:00

Ասթանայի մէջ վերսկսած են Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները


Ասթանայի մէջ վերսկսած են Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները, որոնց կը մասնակցին այդ երկրի կառավարութեան եւ ընդդիմութեան, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի պատուիրակութիւնները, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի` Սուրիոյ խնդրով յատուկ դեսպանորդ Սթաֆան տէ Միսթուրան եւ Ղազախստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճորճ Քրոլը` դիտորդի կարգավիճակով:

«Հանդիպումները վերսկսած են, աշխատանքը կը շարունակուի։ Մենք, ինչպէս միշտ, տրամադրուած են լաւատեսութեամբ»,- յայտնած է տէ Միսթուրա:

Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը Յունուար 24-ին, տէ Միսթուրայի միջնորդութեամբ, պիտի շարունակեն քննարկել Սուրիոյ մէջ հրադադարի պահպանման մեքենականութիւնները: Մասնակիցները նաեւ մտադիր են աւարտել այն փաստաթուղթին համաձայնեցումը, որ կ՝ամրագրէ զինադադարը եւ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու հանդիպման մասնակիցներուն տրամադրուածութիւնը:

Բանակցութիւնները կ՝ընթանան ծանր ու լարուած, սուրիական հակամարտութեան տարիներուն ընթացքին կուտակուած են բազմաթիւ չլուծուած հարցեր ու փոխադարձ պահանջներ: Ուստի բացառուած չէ, որ բանակցութիւնները շարունակուին նախատեսուածէն աւելի երկար, սակայն հանդիպումը եւս մէկ օրով երկարացնելու մասին առայժմ խօսք չկայ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, հաղորդած է TASS լրատուականը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.