2017-01-23 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը սպանական ''El País'' օրաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) El País օրաթերթը, Կիրակի, 22 յունուարին հրապարակած է հարցազրոյց մը, կատարուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ, տարւոյս 20 յունուարին։ Սրբազան Հայրը հարցազրոյցին մէջ կ՛անդրադառնայ կրօնական եւ քաղաքական այժմէական հարցերու, որոնք կը յուզեն Եկեղեցին եւ մարդկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը շեշտէ, թէ եկեղեցին պէտք չէ հեռանայ հաւատացեալներէն։ Ինք անձամբ ինքզինք շատ մօտ կը զգայ ժողովուրդին։ Այս սկզբունքը, որ ան ունեցած է արդէն քահանայապետ ընտրուելէ առաջ, իրեն համար կը մնայ առաջնահերթ խնդիրներէն մին։ “Եկեղեցի մը, որ մօտիկ չէ ժողովուրդին՝ եկեղեցի չէ” ըսած է ան։

Եկեղեցին ցնցող հարցերէն մին է եկեղեցւոյ աշխատակիցներու եղծումը։ Սակայն, կը շեշտէ Սրբազան Պապը, “կան շատ մը սուրբ անհատներ. անհատներ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը անցուցած են ծառայելով ժողովուրդին, մնալով սակայն թաքուն։ Եկեղեցւոյ պատմութեան իսկական դերակատարները սուրբերն են. անոնք, որոնք իրենց կեանքը տոչորած են, որպէս զի շօշափելի իրականութեան վերածեն Աւետարանը։” Այս սուրբերը՝ հայրեր եւ մայրեր են, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, որոնք ամէն օր կը գործեն արժանապատուութեամբ եւ իրենց կեանքով յառաջ կը տանին Եկեղեցւոյ կեանքը։

Անդրադառնալով այն անհատներուն, որոնք եկեղեցւոյ մէջ կատարուած որեւէ փոփոխութիւն կը նկատեն եկեղեցւոյ ուսուցման դէմ կատարուած դաւաճանութիւն, Սրբազան Հայրը պատասխանած է, թէ “Ես որեւէ յեղափոխութիւն չեմ կատարեր։ Պարզապէս կը փորձեմ յառաջ տանիլ Աւետարանը։ Սակայն Աւետարանի նորութիւնը ընդարմացում, որովհետեւ իր էութեամբ գայթակղեցուցիչ է։” Կատարուած փոփոխութիւնները կը յառաջացնեն հակաճառութիւն, եւ սա իր կարգին կը միաւորէ կողմերը։

Լատին Ամերիկայի եկեղեցւոյ խնդիրներէն մին է “Ազատագրման Աստուածաբանութեան” շարժումը։ Այդ շարժումը որդեգրած է մարքսիստական գաղափարախօսութիւնը եւ անոր համար դատապարտուած է եկեղեցւոյ կողմէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատած է, թէ “Ազատագրման աստուածաբանութիւնը ունեցած է թէ´ դրական երեւոյթներ, եւ թէ´ զարտուղի ընթացք։”

Սրբազան Քահանայապետը բազմիցս արտայայտուած էր, թէ ներկայիս կ’ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմը, որ կը կատարուի հատուածաբար։ Կը խօսուի հիւլէական պատերազմի մասին, կարծես ան թղթախաղ մը ըլլար։ Այս խնդրի հետ առընչուած, Սրբազան Հօր մտահոգութիւնը տնտեսական անհաւասարութիւնն է, ուր մարդկութեան մէկ փոքր խմբակը տէր է աշխարհի հարստութեան 80 տոկոսին։ Դա կը նշանակէ, թէ “տնտեսական դրութեան կենդրոնը կ’իշխէ դրամ չաստուածը եւ ոչ թէ մարդ արարածը։ Կը գնուինք սպանիչ տնտեսութեան մը մէջ, որ յառաջ կը բերէ վատնումի այս մշակոյթը։”

Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձում եղած է նաեւ ԱՄՆի նոր նախագահ Թրամփին։ Սրբազան Պապը պատասխանած է, թէ “Տեսնենք թէ ինչ պիտի կատարուի։ Չեմ ուզեր կանխել իրադարձութիւնները եւ ոչ ալ ի յառաջագունէ դատել անհատները։ Տեսնենք թէ ան ինչ պիտի կատարէ, եւ ապա կ’արժեւորենք։” Ապա մտահոգութեամբ յիշելով քաղաքական այլ խնդիր մը, որ յատկապէս Եւրոպայի կը հայի, Սրբազան Պապը զգուշացուցած է ժողովրդային ծայրայեղականութենէն, յիշեցնելով Գերմանիոյ եւ յանուանէ Հիթլերի օրինակը։ Ան կարեւոր նկատած է, որ գաղթականները արժանավայել եւ պատշաճ կերպով փրկուին, ընկալուին եւ ներգրաւուին ընկերութեան մէջ։

Քաղաքական այս բոլոր խնդիրներուն մէջ, Սուրբ Աթոռի սկզբունքն է՝ կերտել կամուրջներ եւ ոչ պատնէշներ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր խօսքերուն մէջ կը դատապարտէ կիներու ստրկացումը եւ չարաշահումը։ Ան կը շեշտէ, թէ “Եկեղեցին ունի իգական նկարագիր”։ Եկեղեցւոյ մէջ մեծ է կիներու դերը, որովհետեւ կինը կրնայ Եկեղեցւոյ տալ անոր էութեան հարազատութիւնը։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է Վաստակաւոր Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի առողջական վիճակին, նկատելով թէ “սրունքներու տկարութիւն ունի եւ պէտք է նեցուկով քալէ։ Սակայն փիղի մը յիշողութիւնն ունի՝ մինչեւ դոյզն մանրամասնութիւնները։”

Հարցազրոյցի աւարտին Սրբազան Պապը կը յիշէ նաեւ, թէ 25 տարիներէ ի վեր հրաժարած է հեռուստացոյցէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.