2017-01-23 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մեր սրտերը չփակենք եւ թոյլ տանք որ Աստուած ներէ մեզ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 23 Յունուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Քրիստոսի ''քահանայութեան'' երեք հանգրուաններու վրայ` Քրիստոսի կեանքի նուիրումը` մեր փրկութեան համար, Անոր Հօր Աստուծոյ մօտ բարեխօսութիւնը մեզի համար, ապա Անոր երկրորդ գալուստը։

Մեկնաբանելով Սուրբ Պօղոսին հրեաներու ուղղած նամակի մէկ հատուածը որուն մէջ կը խօսուի Քրիստոսի մասին որպէս միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ կնքուած դաշինքին, Սրբազան Քահանայապետը  հաստատեց թէ Քրիստոսի քահանայութիւնը ունի երեք հանգրուան. անձնուիրում, բարեխօսութիւն մեզի համար ու երկրորդ գալուստ։

Առաջինը փրկարար արարքն է` Յիսուս մէկ անգամ ընդմիշտ ինքզինք նուիրեց մեր մեղքերու քաւութեան համար, այս հրաշալիքով Ան մեզ մօտեցուց Հօր ու վերստին ստեղծեց արարչութեան ներդաշնակութիւնը։ Երկրորդ հրաշալիքը այն է թէ Քրիստոս այժմ կ՛աղօթէ մեզի համար ու մեզի համար բարեխօս կը դառնայ Հօր մօտ որպէսզի մեր հաւատքը չպակսի։ Իսկ երրորդ հրաշալիքը պիտի ըլլայ Անոր երկրորդ գալուստը` որպէսզի վերջնականապէս հաստատէ իր Արքայութիւնը ու մեզ բոլորս առաջնորդէ դէպի Հայրը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ապա Յիսուսի խօսքերուն` զգուշացուց Սուրբ Հոգւոյն դէմ գործուած հայհոյանքէն մատնանշելով թէ Յիսուս բոլոր մեղքերը կը ներէ, սակայն Սուրբ Հոգւոյն դէմ գործուած հայհոյանքը` այսինքն հայհոյանք Աստուծոյ հիմնարար սիրոյ դէմ, որ է փրկութիւնը, վերաստեղծումը, ներելի չէ, ոչ թէ որովհետեւ Տէրը չ՛ուզեր ներել այլ որովհետեւ այդ անձը ինքնիրեն մէջ այդքան փակուած է որ կարող չէ ներումը ընդունիլ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց խոկալու Քրիստոսի Քահանայութեան երեք հանգրուաններու մասին ապա Տիրոջմէ հայցել շնորհքը` որ մեր սրտերը երբեք չփակուին ու միշտ բաց մնան Աստուծոյ ձրի ու վեհանձն հրաշալիքներու դիմաց.  








All the contents on this site are copyrighted ©.