2017-01-22 09:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Դոմինիկեան միաբանութեան համար մատուցած պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան)  1217 թուականի յունուար 21ին, Ոնորիոս Գ. քահանայապետը կոնդակով մը հաստատած է Դոմինիկեան Միաբանութիւնը, որուն հիմնադիրն է Սուրբ Դոմինիկոս տի Կուզման։

Միաբանութեան հիմնադրութեան 800-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւններուն իբր եզրափակիչ արարողութիւն, շաբաթ, յունուար 21 երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց Լատերանի Ս. Յովհաննէս Տաճարին մէջ։

Այս առթիւ արտասանած Իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը յիշեց, որ Դոմինիկեան միաբանութիւնը դարերու ընթացքին ներշնչած է շատեր եւ օգնած է շատ մը մարդոց, որ չկորսուին աշխարհային մակերեսայնութեան մէջ, այլ զգան Աւետարանի համը՝ վերածուելով բարի գործերու արհեստաւորներու։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի մէջ, ըլլա՛յ ան այսօր կամ Ս. Դոմինիկոսի եւ կամ Պօղոս Առաքեալի ժամանակ, կեանքը կը շարժի մարդկային երկու հակասական երեւոյթներու մէջ՝ «աշխարհային հետաքրքրութեան բարեկենդանի» եւ «բարի գործերու միջոցաւ կատարուած Հօր Աստուծոյ փառաբանութեան» միջեւ։ Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէր իր աշակերտը, Տիմոթէոս՝ «Եւ դուն քարոզէ խօսքը, յայտարարէ՛՝ ըլլա՛յ պատեհ կամ անպատեհ ժամանակ, յանդիմանէ՛, սաստէ՛, մխիթարէ՛՝ ամենայն երկայնմտութեամբ եւ վարդապետութեամբ»։ (Բ. Տիմ Դ. 2)

Սրբազան Քահանայապետը նկատեց, որ այսօր կը գերակշռէ յարաբերապաշտութիւնը եւ անցողականի որոնումը. յարաբերապաշտութեան եւ ենթակայապաշտութեան փորձութիւնը մեծ է։ Մարդ արարածը կը գտնուի երեւոյթի եւ սպառողականութեան ընկերութեան մէջ, ուր շատ անգամ կը կատարուի հին բաներու արդիւնահանութիւնը, զանոնք ներկայացնելով իբր նոր բաներ՝ հրապուրիչ եւ գրաւիչ։ Այս իրականութեան մէջ Եկեղեցւոյ պատասխանը բարի գործերն են։ Բարի գործեր կատարելով մակերեսայնութենէ կʼանցնինք Հօր Աստուծոյ փառատրութեան եւ բարի գործերու կատարումով վերածուելով Յիսուսի աշակերտներու՝ կʼըլլանք «աղ» եւ «լոյս» երկրի։

Սուրբ Դոմինիկոս յաջողած էր այր մարդիկ եւ կիներ վերածելու բարի գործերու արհեստաւորներու։ Ասոր համար, կարեւոր է, որ անոր Միաբանութիւնը պահէ իր «համը», եւ չվերածուի «անհամ աղի»։ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը, ըսաւ. «Շնորհակալ ըլլանք Հօր Աստուծոյ, այս գործին համար, որ Սուրբ Հոգիի շնորհքով, բազմաթիւ այր մարդոց եւ կիներու օգնութեան պատճառ դարձած է, որուն միջոցաւ անոնք զգացած են առողջ վարդապետութեան եւ Աւետարանի համը, եւ իրենց կարգին վերածուած են աղի, լոյսի եւ բարի գործերու արհեստաւորներու, որոնք կը փառաւորեն զԱստուած եւ կ՛ուսուցանեն փառաւորել զԱստուած՝ կեանքի բարի գործերով։»








All the contents on this site are copyrighted ©.