2017-01-22 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին. ''Մօտիկ եմ Կեդրոնական Իտալիոյ բնակչութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 Յունուար 2017 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի աւարտին ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները յիշեցուց թէ կը գտնուինք Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ ծիրին մէջ, որուն այս տարուայ բնաբանը` քաղուած Սուրբ Պօղոսի նամակներէն, մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը որուն վրայէն հարկաւոր է ընթանալ.''Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ հաշտութեան'' 

''Յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի եզրափակենք շաբաթը Սուրբ Պօղոսի պազիլիքային մէջ կայանալիք Ժամասացութեան արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու եւ հասարակութիւններու եղբայրներ ու քոյրեր։ Ձեզ կը հրաւիրեմ յարատեւելու աղօթքի մէջ` որպէսզի իրականանայ Յիսուսին իղձը ''Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' (Յովհ 17,21)''', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ անցեալ օրերուն կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժին ու ձիւնի փոթորիկին, որոնք դժուարութեան մատնեցին յատկապէս Ապրուցցօ, Մարքէ ու Լացիօ մարզերու բնակչութիւնը։ ''Աղօթքով ու գորովով մօտիկ եմ այն ընտանիքներուն որոնք զոհեր ունեցան իրենց սիրելիներուն շարքին։ Կը քաջալերեմ բոլոր անոնք որոնք վեհանձնութեամբ կը գործեն ու յանձնառու են փրկարար եւ օգնութեան աշխատանքներով, այնպէս ինչպէս տեղական եկեղեցիները` որոնք կ՛աշխատին թեթեւցնելու համար տառապանքներն ու դժուարութիւնները'', ըսաւ ապա Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Հեռաւոր Արեւելքին` ուր միլիոնաւոր մարդիկ եւ կիներ կը պատրաստուին տօնելու Լուսնի Ամանորը որ կը զուգադիպի 28 Յունուարին։

''Իմ սիրալիր ողջոյնս թող հասանելի ըլլայ անոնց բոլոր ընտանիքներուն. այն մաղթանքով որ այդ ընտանիքները միշտ աւելիով դառնան դպրոց` ուր կը դաստիարակուի ուրիշին յարգանքը եւ ուրիշներուն նկատմամբ անվերապահ հոգատարութիւնը'', յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու մաղթեց որ սիրոյ ուրախութիւնը տարածուի բոլոր ընտանիքներուն մէջ ու այդտեղէն ժայթքի ու տարածուի համայն հասարակութեան ներքոյ։

Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու սովորութեան համաձայն անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Մատթ , 12-23) ուր կը խօսուի Յիսուսի Գալիլիոյ մէջ քարոզութեան սկիզբի մասին։ 

Յիսուսի պատգամը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ՛աւետէ ''Երկնքի Արքայութիւնը''­, սակայն այդ  չի համապատասխաներ քաղաքական իշխանութեան այլ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միջեւ կնքուած դաշինքին որ սկիզբ պիտի տայ խաղաղութեան եւ արդարութեան նոր հանգրուանի։ Աստուծոյ հետ այդ դաշինքը կնքելու համար իւրաքանչիւրս հրաւիրուած է ապաշխարելու - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ Յիսուս եղաւ շրջուն առաքեալ, ան առաջին անգամ գնաց Գալիլիա որտեղ փնտռեց ու ձկնորսներու  մէջ գտաւ իր փրկարար առաքելութեան մասնակից առաջին աշակերտները` Սիմոն ու անոր եղբայրը Անդրէաս ապա Յակոբ ու անոր եղբայրը Յովհաննէս, ''Հետեւեցէք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ''։ Անոնք իսկոյն ուռկանները թողուցին եւ հետեւեցան Յիսուսին։

Մենք` այսօրուայ քրիստոնեաներս ուրախութիւնն ունինք հռչակելու ու վկայելու մեր հաւատքը որովհետեւ տեղի ունեցաւ առաջին ''աւետիսը'', որովհետեւ գոյութիւն ունեցան այդ խոնարհ ու քաջ մարդիկը որոնք  վեհանձնութեամբ համապատասխանեցին Յիսուսի կոչին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մաղթանք յայտնեց որ '' այս գիտակութիւնը մեր մէջ արթնցնէ իղձը Յիսուսի խօսքը, սէրն ու քնքշութիւնը տանելու ամենուրէք։

Մարդկային կեանքի ամէն մէկ վայր, պարարտ հող է Աւետարանի սերմերը նետելու համար որպէսզի անոնք պարգեւեն փրկութեան պտուղներ ըսաւ ապա Ֆրանչիկսոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեզ օգնէ ուրախութեամբ պատասխանելու Յիսուսի կոչին, ու մենք մեզ նուիրելու Աստուծոյ Արքայութեան ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.