2017-01-21 13:13:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի զեկոյցը Առաքելական Գերագոյն Ատեանի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 21 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զեկոյց մը կարդաց Առաքելական Գերագոյն Ատեանի (Rota Romana) դատաւորներուն, փաստաբաններուն եւ ատեանի աշխատակիցներուն։

Զեկոյցին մէջ, Սրբազան Պապը անդրադարձաւ հաւատքի եւ ամուսնութեան առընչութեան, յատուկ կերպով մատնանշելով հաւատքը՝ մարդկային եւ մշակութային համոյթին մէջ, ուր կը կազմուի նաեւ ամուսնութիւնը։ Յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի խօսքերը, ուր ան կը բացայայտէր խղճի, հաւատքի եւ բանականութեան առընչութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. “ո´րքան որ մարդ կը հեռանայ հաւատքէն, ա´յնքան աւելի ան ինքզինք կ’ենթարկէ ձախողանքի վտանգին եւ ինքզինք կը գտնէ յիմար վիճակի մը մէջ։  Սուրբ Գրքի մէջ այս յիմարութիւնը նկատուած է կեանքի սպառնալիք։ Յիմարը՝ շատ բան գիտնալու պատրանքն ունի. սակայն իրականութեան մէջ անկարող է հայեացքը սեւեռել էական բաներու վրայ։ Այս բանը արգելք կը հանդիսանայ անոր՝ մտքին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու (հմմտ Առակ Ա. 7) եւ պատշաճ վերաբերմունք ունենալու իր անձին եւ շրջապատին հանդէպ։ Երբ ան կը հասնի այն համոզումին, թէ “Աստուած չկայ” (Սաղ ԺԴ. 1), ստոյգ յստակութեամբ կը բացայայտէ, թէ բացակայ է խիղճը եւ թէ որքա´ն հեռու է իրերու շուրջ կայացած ճշմարտութենէն, անոնց սկիզբէն եւ նպատակէն։”

Ապա, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենեդիկտոս ԺԶ.ի վերջին զեկոյցը, ուր ան կ’ըսէր. “միայն ինքինզ Աստուծոյ ճշմարտութեան բանալով կարելի կ’ըլլայ հասկնալ, ինչպէս նաեւ ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի ծիրէն ներս իրականացնել, մարդու ճշմարտութիւնը, որ մկրտութեամբ վերածուած է Աստուծոյ զաւակի։ Աստուածային առաջարկի մերժումը կ’առաջնորդէ խորապէս անհաւասարակշիռ վիճակի՝ բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ներառեալ ամուսնական յարաբերութեան մէջ։ Սէրը կարիքն ունի ճշմարտութեան։ Միայն ա´յն ժամանակ երբ սէրը հիմնուած է ճշմարտութեան վրայ, կրնայ տոկալ ժամանակի հոլովոյթին, գերազանցել վաղանցիկ րոպէն եւ ամուր մնալ՝ կատարելու համար միասնական ճանապարհ մը։ Եթէ սէրը յարաբերութիւն չունի ճշմարտութեան հետ, այն ատեն ենթակայ պիտի ըլլայ զգացումներու եւ անկարող գերազանցելու ժամանակի փորձարկութիւնը։ Իսկ ճշմարիտ սէրը կը միացնէ մեր անձին բոլոր տարրերը եւ կը վերածուի նոր լոյսի մը՝ դէպի վեհ եւ լիարժէք կենաք մը։

Սրբազան Պապը յիշեց թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, որ կ’ուզէ Ս. Պսակը ընդունիլ, ունի իւրայատուկ մօտեցում եկեղեցւոյ կեանքին եւ հաւատքի։ Սակայն կան նաեւ անհատներ, որոնք հեռու են հաւատքէն։ Ասոնց համար պէտք է գտնել վաւերական դարմաններ։ Իբր այդպիսի դարման, Սրբազան Պապը առաջարկեց “երիտասարդներու կազմաւորումը, պատշաճ պատրաստութեան մը միջոցաւ՝ յայտնաբերելու համար ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։”

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր կը նկատէ նաեւ, որ ընտանիքներու հովուական աշխատանքը կատարող մարմիններու անդամները պատասխանատուութեամբ մօտենան կազմաւորման խնդրին, եւ Ս. Պսակի պատրաստութեան ժամանակ մեծ ուշադրութիւն դարձնեն ոչ միայն մարդկային, այլ առաւել եւս հաւատքի կազմաւորումին։ Այս պատրաստութեան նպատակն է օգնել նշանուածներուն, որ ճանչնան եւ ապրին ամուսնութեան իրականութիւնը, որպէսզի Ս. Պսակի խորհուրդը ընդունին ոչ միայն վաւեր եւ օրինաւոր կերպով, այլ նաեւ ան ըլլայ բեղուն. որ Ս. Խորհուրդը ըլլայ իրենց հաւատքի ճանապարհին մէկ փուլը։ Որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել այս բոլորը, կարիքը կայ անհատներու, որոնք ունենան յատուկ հմտութիւն եւ այդ  ծառայութիւնը մատուցանելու պատշաճ պատրաստութիւն, համագործակցելով քահանաներու եւ պսակուող զոյգերու հետ։ Ասոր համար, Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ, թէ ամուսնութեան պատրաստելու համար, կարիքն ունինք քրիստոնէականի ուսուցման նոր կերպի մը։

Իբր երկրորդ դարման, Սրբազան Պապը առաջարկած է ծրագիր մը՝ օգնելու համար նորապսակ զոյգերու, որպէսզի ընթանան հաւատքի ճանապարհէն եւ մասնակցին Եկեղեցւոյ կեանքին՝ նաեւ Ս. Պսակէն ետք։ Ասոր համար կարեւոր է, նորապսակ զոյգերուն մէջ ուժեղացնել գիտակցութիւնը՝ իրենց ստացած Ս. Խորհուրդի նկատմամբ։ Այս պարտականութիւնը կը հայի նաեւ քրիստոնեայ հասարակութեան կամ համայնքներուն. անոնք կոչուած են ընկերանալու երիտասարդ զոյգերու եւ օգնելու անոնց։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր զեկոյցը ըսելով. “Սուրբ Հոգին, որ միշտ եւ ամէն բանի մէջ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը, թող օգնէ´ եւ պահէ´ այն քահանաները եւ աշխարհականները, որոնք պարտականութիւններ ունին եւ պիտի ունենան այս մարզէն ներս, որպէսզի երբեք չկորսնցնեն խանդը եւ քաջութիւնը՝ աշխատելու քրիստոնեայ ընտանիքներու գեղեցկութեան համար, հակառակ գերիշխող մշակոյթի կործանիչ, վաղանցուկ եւ ժամանակաւոր որոգայթներուն։”








All the contents on this site are copyrighted ©.