2017-01-21 13:38:00

''Մի վախենար, որովհետեւ ես քեզ հետ եմ'' ընկերային հաղորդամիջոցներու 51րդ օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մի վախենար, որովհետեւ ես քեզ հետ եմ''(Եսայի 42,5) Յոյս ու վստահութիւն հաղորդել մեր ժամանակներուն'',   այս է 2017 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակած պատգամին բնաբանը որուն ներկայացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 24 Յունուար 2017-ին` Սուրբ Ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի` Լրատուութեան աշխարհի պաշտպան սուրբին տօնին առթիւ։  Ընկերային հաղորդամիջոցներու 51րդ օրը կը նշուի յառաջիկայ 28 մայիս 2017-ին։

Վերոնշեալ պատգամին ներկայացման առիթով` 24 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչ` գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, յատուկ զրոյց մը պիտի ունենայ ` Տելիա Կալլակէր (CNN) եւ Պապլօ Օրտազ (El País) լրագրողներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վերոյիշեալ պատգամը կը հրատարակուի եօթը լեզուներով Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալներէն եւ Լեհերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.