2017-01-20 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Փարակուէյի նախագահը. հաղորդագրութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ` 20 յունուար 2017-ին  հրատարակած հաղորդագրութեան  մէջ կը տեղեկացուի թէ ''այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ունկնդրութիւն շնորհեց Փարակուէյի նախագահ` Տիար Օրասիօ Մանուել Քարթէս Եարա-ին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։ 

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող զրոյցները բացայայտեցին Սուրբ Աթոռի եւ Փարակուէյի միջեւ գոյատեւող բարի յարաբերութիւնները։ Քննարկուեցան

ապա երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, որոնց շարքին մարդկային անհատի ամբողջական զարգացումը, աղքատութեան դէմ պայքարը ու հասարակական խաղաղութիւնը։ Այս առընչութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան մասին ու այս վերջինիս` ընկերային, կազմաւորումի ու կարիքաւորնեու օգնութեան մարզէն ներս բերած սատարին։

Խօսակցութիւններու ընթացքին գաղափարներու փոխանակում կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական ու ընկերային կացութեան մասին, յատուկէն ակնարկելով իշխանութիւններու ժողովրդավարական զարգացումին։

Տուեալ ի Վատիկան 20 Յունուար 2017

 








All the contents on this site are copyrighted ©.