2017-01-19 13:15:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 Յունուարի պաշտօնական հանդիպումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 19 Յունուար 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Սուրբ Էնրիքոսի տօնին առթիւ, Ֆինլանտայէն ժամանած համամիութենական մէկ պատուիրակութեան մը, որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց` Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ Կարդինալ Զենոն Կրոքոլեվսքին, Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ` գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Առաքելական վերին Ատեանի քարտուղար` գերապայծառ Ճուզեփփէ Շաքքա եւ Քասթրիէսի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ռոպերթ Ռիվաս։

Ժամը 12,30 անց Սրբազան Քահանայապետը Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց­, 2016-ի Մարտէն մինչեւ Յունիս ցուցադրուած`  Յոբելենական Տարիներու պատմութեան մասին ''Antiquorum habet'' ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն որոնց շարքին էր նաեւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահը` Տիար Փիեթրօ Կրասսոն։

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրագործած ցուցահանդէսին համար­, որ ներկայացուեցաւ Իտալիոյ Ծերակոյտի սրահներուն մէջ, դիտել տալով թէ ամէն մէկ Յոբելեանի մէջ իրարու կը հանդիպին Աստուծոյ բարութիւնն ու մարդու դիւրաբեկութիւնը, մարդը որ միշտ կարիքը ունի Հօր սիրոյն ու ներումին։

''Աստուած, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ողորմութիւն կը զեղու եւ այդ ողորմութեան միջոցաւ ցոյց կու տայ իր ամենակարողութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա քաջալերեց ներկաները շարունակելու յոբելենական տարւոյն փորձառութենէն քաղել առատ պտուղներ­ հայցելով   Ողորմութեան Մօր` Սուրբ Կոյսին  բարեխօսութիւնը, ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները անոնցմէ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.