2017-01-19 12:07:00

Քրիստոնէական կեանքը պայքար է, կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի, յունուար 19ի քարոզին մէջ նկատեց, թէ քրիստոնէական կեանքը պայքար մըն է, եւ թէ քրիստոնեան պէտք է թոյլ տայ, որ Յիսուս զինք առինքնէ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, որ Սրբազան Պապը մատոյց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, ընթերցում կատարուեցաւ Մարկոսի Աւետարանէն, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս բազմաթիւ ժողովուրդ կը հետեւէր Յիսուսի՝ ունկնդրելու համար Անոր քարոզներուն եւ բուժում գտնելու իրենց ցաւերուն (Մրկ Գ. 7-12)։

Սրբազան Պապը հարց տուաւ – ինչու՞ այդ բազմութիւնը կը հետեւէր Յիսուսի։ Ապա բացայայտեց այն պատճառները, որուն համար ժողովուրդը կ՛երթար Յիսուսի ետեւէն – շատ մը անհատներ՝ առինքնուած Յիսուսի խօսքերէն, որոնք կը յուզէին սիրտը, ուր ժողովուրդը կը տեսնէր ճշմարտութիւն եւ սփոփանք. իսկ հիւանդներ՝ ի խնդիր բուժումի։

Յիսուսի քարոզութեան ներկայ գտնուիլը՝ կազմակերպուած նախաձեռնութիւն չէր, ինչպէս սովոր ենք տեսնել զանազան ձեռնարկներու պարագային, այլ ժողովուրդը ինքնայօժար կերպով ճամբայ կ՛ելլէր։ Անոնց շարքին կային նաեւ հետաքրքիրներ, սակայն մեծամասնութիւնը զանազան կարիքներով կը հետեւէր Յիսուսի։ Հայր Աստուած էր, որ զանոնք կը քաշէր դէպի Յիսուս։

Սիրաշահելու համար անհատ մը, որ հետեւի Յիսուսի, չէ կարելի ջատագովութեամբ եւ ապացոյցներով. հարկաւոր է որ Հայր Աստուած առինքնէ մարդ արարածը։

Մարկոս Աւետարանիչ պատմելով դիւահարի բուժումի դրուագը, կը յիշէ, թէ պիղծ ոգիները կը պոռային “Դուն Աստուծոյ Որդին ես”։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը այդպիսի փորձառութիւն կրնայ ունենալ երբ Յիսուսի կը մօտենայ – պիղծ ոգիները կը փորձեն մեզի արգելք հանդիսանալ, կը պայքարին մեր դէմ։

Չկայ քրիստոնէական կեանք առանց փորձութիւններու։ Ասոր համար քրիստոնէական կեանքը պայքար մըն է. պայքար՝ յաղթանակելու համար, խորտակելու համար սատանայի իշխանութիւնը, չարի իշխանութիւնը։ Ասոր համար է, որ Յիսուս եկաւ՝ խորտակելու սատանան, խորտակելու անոր՝ մեր սրտերուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը։ Աստուած կը քաշէ մարդը՝ դէպի Յիսուս, մինչ չար ոգին կը փորձէ կործանել զանոնք։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը, կոչ ուղղելով, որ մենք մեզի հարց տանք՝ թէ արդեօք կը պայքարի՞մ չարին դէմ։

“Եթէ կ’ուզես յառաջ ընթանալ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – պէտք է պայքարիս։ Պէտք է սրտիդ մէջ զգաս այդ պայքարը՝ որպէսզի Յիսուս յաղթանակէ։ Պէտք է զգաս այդ պայքարը կեանքի բոլոր վիճակներուն մէջ։” Աստուծոյ շնորհքը հարկաւոր է, որպէսզի կարենանք զգալ այդ պայքարը. ասոր համար պէտք է աղօթենք, խնդրենք Տիրոջմէ, ըլլալ քրիստոնեաներ, որոնք գիտակից են, թէ ինչ կը կատարուի իրենց սրտին մէջ, եւ լաւ ընտրութիւն կը կատարեն այն ճանապարհին, որուն վրայ Հայր Աստուած մեզ կ՛առինքնէ դէպի Յիսուս։








All the contents on this site are copyrighted ©.