2017-01-19 09:13:00

Ողորմութեան Դ համաշխարհային համագումարը Մանիլայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ 16-24 Յունուար`  տեղի ունեցած  ''Ողորմութեան Դ համաշխարհային համագումարի'' ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 5 հազար մասնակիցներէ աւելի, Մանիլայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ յատուկ հրաւէր ուղղեց բոլորին ''ողորմութեան ներգործութիւններ'' իրագործելու, դիտել տալով թէ մենք չենք որ այդ գործերը կը կատարենք այլ Յիսուս։ Ասոր համար չենք կրնար հպարտանալ այդ գործերը կատարելուն համար, միակ բանը որով կրնանք պարծենալ, ըսաւ Ան, այն է թէ կարիքն ունինք Աստուծոյ ողորմութեան։

Կարդինալ Թակլէ խրախուսեց ապա ժողովականները առանց վախի սրտերու դռները բանալ Քրիստոսի դիմաց ու հետեւիլ Մարիամի օրինակին` ուշադրութիւն դարձնելով անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին։

Համագումարի ընթացքին արծարծուած նիւթերու շարքին բացի Աստուածային Ողորմութեան Ջերմեռանդութենէն, շեշտը դրուեցաւ նաեւ երկրին ապրած դժուար կացութեան վրայ, յատկապէս մարդկային իրաւունքի ծիրէն ներս ու այս առընչութեամբ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան վրայ, որ կարող չէ անտարբեր ու լուռ մնալ ի տես այժմէական մարտահրաւէրներուն։ Եկեղեցին արդարեւ  բոլոր հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը կը հրաւիրէ պայքարելու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն դէմ ու պաշտպանելու կեանքն ու մարդու արժանապատութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.