2017-01-19 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Ֆինլանտայի համամիութենական պատուիրակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 19 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  Վատիկանի մէջ ընդունեց Ֆինլանտայի համամիութենական  պատուիրակութիւն  մը, որոնք Սուրբ Էնրիքոյի տօնին առթիւ ուխտագնացութեամբ եկած են Հռոմ։ Սուրբ Էնրիքոսի տօնի ուխտագնացութեան այս սովորութիւնը երեսուն տարիէ է վեր կը զուգադիպի  քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց հետ հանդիպման ընթացքին արտասանած ճառին մէջ անդրադառնալով համամիութեան  մասին,  յարեց թէ իսկական համամիութիւնը  կը հիմնուի  միասանկան ապաշխարութեան ու դարձի վրայ դէպի Քրիստոս` որպէս մեր Տէրն ու Փրկիչը։

՝՝Եթէ միասնաբար մօտենանք Քրիստոսի, կը մօտենանք նաեւ մէկը միւսին ՝՝ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց անցեալ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ,  Վերանորգման հինգերորդ դարադարձի առթիւ  կատարած միասնական աղօթքին ու յիշատակումին,  որ արդիւնքն է` Կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցիներուն 50 տարիներուն կատարուած  համաիութենական երկխօսութեան,   ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւեցնելով` թէ ՝՝Աստուածաբանական երկխօսութիւնը էական կը մնայ  համերաշխութեան գործընթացին համար՝՝ ու  քաջալերեց այս մէկը  յառաջ տանիլ  յարատեւ յանձնառութեամբ ։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ըսաւ , որ Ինք Տիրոջ աղօթք կը բարձրացնէ , որպէսզի Ամենակալը իր օրհնութեամբ ընկերանայ Ֆինլանտայի Կաթողիկէ - Լուտերական երկխօսութեան յանձնախումբի աշխատանքներուն ապա  2017 տարին,՝ վերանորոգումի յիշատակման տարին,   նկատեց առանձնաշնորհեալ առիթ` կաթողիկէներու եւ Լուտերականներու համար  , ապրելու հաւատքը աւելի ճշմարիտ կերպով, միասնաբար վերստին բացայայտելու աւետարանը,  որոնելու եւ վկայելու  համար Քրիստոսը վերանորոգիչ սլացքով։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ որ Ֆինլնատայի քրիստոնեաները այս տարի կը նշեն, Ֆինլանտայի համամիութենական խորհուրդին առաջին դարադարձը,  որ կարեւոր միջոց մըն է զարգացնելու համար հաւատքի  եւ կեանքին հաղորդութիւնը իրարու միջեւ հուսկ նշեց թէ 2017 տարին Ֆինլանտայի  համար` հանրապետութեան անկախութեան հարիւր ամեակի տարին է, եւ այս առնչութեամբ  քաջալերեց երկրի բոլոր քրիստոնեաները դաւանելու իրենց հաւատքը Տիրոջ հանդէպ, ինչպէս ըրած էր  իրենց Մեծ Սուրբը՝  Սուբր Էնրիքոսը, վկայելով  հաւատքը`  ծառայութեան, եղբայրութեան եւ կարեկցութեան  հաստատ ժեսթերով՜,

Ճառի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց որ սոյն ուխտագնացութիւնը նպաստէ աշխարհի  եւ Ֆինլանտային  մէջ օրթոտոքսներու, Լուտերականներու, Կաթողիկէներուն միջեւ համագործակցութեան հոգիին  հզօրացման գործընթացին ու միասնական հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ վկայութիւնը, պարգեւեն առատ պտուղներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.