2017-01-18 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել եկեղեցւոյ միութեան ու հաշտութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 18 յունուարին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կատարած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղելով  ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն յատուկ խօսք մը ուղղեց  երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նոր պսակուած զոյգերուն ըսելով. ՝՝Այսօր՝ սկիզբ կ՝առնէ քրիստոնեաներուն աղօթքի շաբաթը, որ այս տարի մեզի խոկալ կու տայ Քրիստոսի սիրոյ մասին, որ  կը մղէ հաշտութեան ։ Սիրելի երիտասարդներ , աղօթեցէք , որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները վերստին դառնան մէկ ընտանիք.  սիրելի հիւանդներ, ձեր ցաւերը նուիրեցէք եկեղեցւոյ միութեան դատին, եւ դուք նորապսակներ փորձարկեցէք  անշահախնդիր սիրոյ փորձառութիւնը, նման  Աստուծոյ  մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.