2017-01-18 10:22:00

''Յոյս եւ աղօթք'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 յունուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները­, Նորին Սրբութիւնը  ներկայացուց Յովնան Մարգարէի փորձառութեան պատմուածքը` ուր ան կը մերժէ կատարել Աստուծոյ հրահանգը ու կը փորձէ փախչիլ Անկէ։

Տէրը Յովնան Մարգարէն ուղարկած էր Նինուէ, դարձի բերելու քաղաքի բնակիչները, Մարգարէն սակայն որ Իսրայէլացի էր ու Նինուէի բնակիչները իրեն հակառակորդ կը համարէր, կը մերժէ կատարել Աստուածային հրահանգքը ու կը փորձէ հեռանալ ու փախչիլ Աստուծմէ նաւի մը վրայ բարձրանալով` ուր կը հանդիպի հեթանոսներու։

Նաւարկութեան ընթացքին փոթորիկ մը կը ծագի.

''Տէրը հողմ բարձրացրեց ծովում: Մեծ փոթորիկ եղաւ ծովում, եւ նաւը խորտակուելու վտանգի մէջ էր: 5 Նաւավարները խիստ վախեցան, եւ իւրաքանչիւրը օգնութեան էր կանչում իր աստծուն: Նաւի վրայ եղած կարասին գցեցին ծովը, որպէսզի նուազեցնեն վտանգն իրենցից: Իսկ Յովնանը իջել էր նաւի մի խորշը, ննջում էր եւ խռմփացնում: 6 Նաւապետը մօտեցաւ նրան եւ ասաց. «Ի՞նչ ես խռմփացնում, վե՛ր կաց, աղաչի՛ր քո Տէր Աստծուն, թերեւս մեզ փրկի, եւ մենք կորստի չմատնուենք»: (Յովնան, 1, 4-6)

Նաւաստիներն ու նաւապետը որոնք հեթանոսներ էին  մահուան սպառնալիքի դիմաց կը ձգտին փրկութեան ու կը զգան կեանքի Աստուծոյ վրայ յոյսը դնելու կարիքը ''աղաչի՛ր քո Տէր Աստծուն, թերեւս մեզ փրկի, եւ մենք կորստի չմատնուենք''։ Յոյսի բառեր` որոնք աղօթք կը դառնան - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ  ''բազմաթիւ անգամներ մենք եւս Աստուծոյ կը դիմենք միայն կարիքի ժամանակ,­ Աստուած սակայն կը ճանչնայ մեր տկարութիւնը ու գիտէ թէ մենք զինք կը յիշենք միայն օգնութիւն հայցելու համար, եւ Ինք` Հօր մը ներողամիտ ժպիտով, գթասրտութեամբ կը համապատասխանէ մեր խնդրանքին''։

Շարունակելով Յովնան Մարգարէի պատմուածքը Սրբազան Քահանայապետը յարեց թէ երբ Յովնան ծով կը նետուի ազատելու համար իր հետ ճամբորդողները, փոթորիկը կը դադրի։ Յովնան այսպէսով կը կատարէ իր առաքելութիւնը ու հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին` զոհուիլ ուրիշներուն համար, մինչ նաւաստիները կը ճանչնան իսկական Աստուածը ու Անոր զօրութիւնը, Յովնանի վկայութեան պատճառաւ։

Նինուէ քաղաքի բնակիչները եւս` կործանումի սպառնալիքի դիմաց դարձի կու գան ու կ՛աղօթեն`եւ յոյսէ մղուած  կը հայցեն Աստուծոյ ներումը։ Անոնք եւս կը ճանչնան ճշմարտութիւնը ու Աստուածային Ողորմութեան լոյսին տակ մահուան սպառնալիքը կը դառնայ առիթ ճանչնալու յոյսը եւ հանդիպելու Տիրոջ, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի հասկցնէ աղօթքի ու յոյսի միջեւ կայացած կապը ու հրաւիրեց դիմել միշտ աղօթքին որովհետեւ աղօթքը խաւարման պահերուն յոյս կը ներշնչէ...Առ այդ աւելի աղօթք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որպէսզի առաւել յոյս ունենանք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.