Հայաստան ներառուած է 2017 թուականի ՄԱԿ-ի Պատուոյ ցանկին մէջ (Honour roll)` կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ իր կատարած անդամավճարներուն համար:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն կը նշեն, որ 2017-ի Յունուարին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին փոխանցուած է $ 151 338` իբրեւ ՄԱԿ-ին ՀՀ անդամակցութեան գծով 2017 թուականի տարեկան անդամավճար:
Պատուոյ ցանկին մէջ կ՛ընդգրկուին այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուայ առաջին 30 աշխատանքային օրուայ ընթացքին ամբողջութեամբ կը վճարեն ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին անդամակցութեան գծով իրենց ֆինանսական պարտաւորութիւնները:
2017-ի Յունուար 10-ի դրութեամբ պատուոյ ցանկին մէջ ներառուած է ՄԱԿ-ի 193 անդամ երկիրներէն 9-ը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |