2017-01-18 09:01:00

Իտալիոյ Եկեղեցիներու պատգամը՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբթուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբթուան ընթացքին, 18-25 յունուարին, զանազան եկեղեցիներ եւ դաւանանքներ մասնաւոր կերպով կ՛աղօթեն քրիստոնեաներու միութեան համար։ Այս առիթով Գերապայծառ Ամպրոճօ Սփրէաֆիքօ՝ եպիսկոպոս Ֆրոզինոնէ-Վերոլի-Ֆերենթինոյի թեմին ու Նախագահ` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի համամիութենականութեան եւ երկխօսութեան խորհուրդին, եւ Պատուելի Լուքա Մարիա Նեկրօ՝ Նախագահ Իտալիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու Դաշնութեան, ինչպէս եւ Մետրապոլիտ Ճեննատիոս՝ ուղղափառ արքեպիսկոպոս Իտալիոյ եւ Մալթայի եւ Էքզարք հարաւային Եւրոպայի, միասնաբար հրապարակած են պատգամ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղեն՝ ''ոչ միայն կատարել հաշտութեան կարեւոր քայլեր բաժանեալ Եկեղեցիներու միջեւ, այլ ըլլալ հաշտութեան վկաներ աշխարհի համար, որ կարիքն ունի հաշտութեան պաշտօնեաներու, որոնք կը խորտակեն խոչընդոտներ, կը կառուցեն կամուրջներ, կը հաստատեն խաղաղութիւն եւ կը բանան դռները կեանքի նոր կերպի մը՝ յանուն Յիսուսի Քրիստոսի, որ մեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ''։

Այս տարուան Միութեան Շաբաթուան բնաբանը առնուած է Կորնթացիներու ուղղուած երկրորդ նամակէն՝ «Քրիստոսի սէրը կը ստիպէ մեզ՝ ընթանալ դէպի հաշտութիւն» (հմմտ. Բ. Կոր Ե.)։ Նկատի առնուած է նաեւ Բողոքականութեան հինգերորդ դարադարձը, եւ ասոր համար շաբթուան ծրագիրները կազմուած են գերմանիոյ Եկեղեցիներու կողմէ։

Իտալիոյ Եկեղեցիներու ղեկավարները կը նկատեն՝ թէ քրիստոնեաներ այսօր կարող են այդ պատմական բաժանումի դէպքը միասնաբար յիշատակել, պարզապէս շնորհիւ յիսուն տարուան համամիութենական երկխօսութեան։ Եկեղեցիները իբր ''պաշտօնեաներ հաշտութեան'', արդէն իրականացուցած են միասնական շօշափելի քայլեր՝ ''հիւրընկալելով բազմաթիւ փախստականներ զանազան երկիրներէ'։

Նախորդ տարուան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը եւ Բարթողոմէոս Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը կոչ ուղղած էին օգնելու անհատներուն, որոնք պարտադրուած էին ապրիլ ընկերութեան արուարձաններուն մէջ՝ անարդարութեան եւ բռնութեան պատճառներով։ Իսկ Իտալիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու եւ Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութեան ջանքերով կազմուած էր ապաստանեալներու ընկալման ծրագիր մը։ Վերոյիշեալ պատգամը կը մաղթէ՝ ''որ աղօթքի այս շաբաթը ըլլայ առիթ մը աղօթելու յիշեալ ծրագրի եւ համամիութենական այլ նպատակներու համար, որոնց մաս կը կազմեն բողոքականներ, կաթողիկէներ եւ ուղղափառներ. աղօթելու նաեւ քրիստոնեաներու՝ հաշտութեան ի նպաստ կատարուած միասնական վկայութեան զարգացման համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.