2017-01-18 08:49:00

Իտալացի Անթոնիօ Դայեանի ընտրուած է Եւրոխորհրդարանի նախագահ։


Իտալացի Անթոնիօ Դայեանի, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, քուէարկութեան չորրորդ փուլին իբրեւ արդիւնք՝ ընտրուած Է Եւրոխորհրդարանի նոր նախագահ: Այս մասին, կը տեղեկացնէ Armenpress.am-­ը, վկայակոչելով Սթրասզպուրկի նիստերու դահլիճէն կատարուած հեռարձակումը, ուր կ՝ընթանայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նստաշրջանը:

Եւրոխորհրդարանի նախորդ նախագահ Մարթին Շուլցի տեղեկութիւններով՝ Դայեանիի օգտին տրուած է 351 ձայն, իսկ անոր ընդդիմախօսը` իտալացի Ճանի Բիդելան` «Սոցիալաիստներու եւ դեմոկրատներու առաջադիմական դաշինք» խմբակցութենէն, ստացած Է միայն 282 ձայն:

Զբաղցնելով նախագահի աթոռը, Դայեանի հաւաստիացուցած է, թէ պիտի ըլլայ այն խորհրդարանի նախագահը, որ իր գործունէութեան մէջ պիտի արտացոլացնէ բոլոր պատգամաւորներու եւ բոլոր խմբակցութիւններու շահերը:

63-­ամեայ Դայեանին  երկու անգամ զբաղցուցած է եւրոքոմիսարի պաշտօն` Եւրոյանձնաժողովին մէջ տնօրինելով արդիւնաբերութեան եւ փոխադրամիջոցի զարգացման հարցերը: Իտալիոյ մէջ ան դարձած է «Յառաջ, Իտալիա» կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ եղած է նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքոնիի պաշտօնական ներկայացուցիչը, հաղորդած է TASS-­ը








All the contents on this site are copyrighted ©.