2017-01-17 09:02:00

Իրլանտայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017-ի Յունուար 15-24 Իրլանդայի եպիսկոպոսները Հռոմ կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իրլանդայի հանրապետութիւնը ունի 70,273 Քմ քառակուսի տարածք եւ 4 միլիոն 593 հազար բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը` 76.8 առ հարիւրը կաթողիկէ են, ապա կան Իրլանդայի անկլիքան եկեղեցին, բողոքական ու օրթոտոքս եկեղեցիները, Մահմետականները կը հաշուեն բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրը։

Իրլանդայի Կաթողիկէ Եկեղեցին։

Իրլանդայի մէջ քրիստոնէական կրօնը մուտք գործած է Ե դարուն, Սուրբ Փաթրիցիոյի աւետարանումի առաքելութեան շնորհիւ։ Սուրբ Փաթրիցիոն նկատուած է Իրլանրայի առաջին առաջնորդն ու Պաշտպան Սուրբը։

ժԵ – ԺԸ դարերու ընթացքին, Անկլիքան վերանորոգումի հետեւանքով, Կաթողիկէ հաւատացեալները ահաւոր հալածանքի ենթարկուած են,  մինչ ԺԹ դարուն Կաթողիկէ Եկեղեցին վերագտնելով իր ազատութիւնը`  վերսկսած է վերելքի եւ վերականգնումի նոր շրջան։

Իրլանդայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի չորս եկեղեցական գաւառներ եւ ութը աւագ թեմեր։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահն է Կարդինալ Էտմոն Մարթինը` համայն Իրլանտայի առաջնորդ։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ունի 5 կեդրոնական խորհուրդներ` դաստիարակութեան եւ կաթողիկէ կազմաւորումի խորհուրդը, հովուական խնամակալութեան խորհուրդը, ծրագրութեան եւ հաղորդակցութեան խորհուրդը, ընկերային ու միջազգային հարցերու խորհուրդը եւ ծէսին, հովուական խնամակալութեան նորոգումի ու հաւատքի զարգացումի խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.