2017-01-16 09:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի ''Սեթթեվիլլէի Սանթա Մարիա'' ժողովրդապետութեան այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վկայել Յիսուսը քրիստոնէական կեանքի օրինակով, շօշափելի ներգործութիւններով ու առանց ''շաղակրատանքի''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին յորդորը, Կիրակի 15 Յունուարի յետմիջօրէին, Հռոմի արուարձաններու մաս կազմող Կուիտոնիայի` Սեթթեիլլէի Սանթա Մարիա ժողովրդապետութեան տուած այցելութեան ընթացքին, ուր Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ ունեցաւ ժողովրդապետութեան երիտասարդներուն հետ ապա հանդիպեցաւ 2016 տարուայ ընթացքին մկրտուած 45 մանուկներուն ու անոնց ծնողաց հետ հուսկ զրոյց ունեցաւ ժողովրդապետութեան զանազան յանձնախումբերու անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ հիւանդներուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող քահանաներն ու նորընծաները հուսկ աւանդատան մէջ 4 հաւատացեալներու մատակարարեց խոստովանանքի խորհուրդը եւ հովուական այցելութիւնը եզրափակեց ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սոյն հովուական այցելութիւնը սկիզբ առած էր  Նորին Սրբութեան յատուկ այցելութեամբ կատարուած օգնական ժողովրդապետ` Հայր Ճուզեփփէ Պերարտինոյին, որ ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ տարիներէ ի վեր մատնուած է անշարժութեան ու կ՛ապրի անկողինի վրայ։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպման ընթացքին  Նորին Սրբութիւնը յորդորեց Տէրը վկայել ոչ միայն խօսքով այլ ապրելակերպով։ ''Քրիստոնէական վկայութիւնը կը կատարուի խօսքով, սրտով եւ ձեռքերով'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խրախուսեց զանոնք օրինակ քաղելու իրենց մեծ հայրերէն ու մեծ մայրիկներէն որոնք ''ընտանիքը կը պահպանեն'' ու մեր ''իմաստութիւնն'' են - ըսաւ Ան։

Ժողովրդապետութեան յանձնախումբերու անդամներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ իր հովուական առաքելութեան փորձառութեան մասին, ինչպէս նաեւ իր հաւատքի ուղեւորութեան մասին, հաստատելով թէ շատ անգամ կը հանդիպինք ''հոգեկան ու հաւատքի խաւարին'' սակայն Տիրոջ օգնութեամբ լոյսը կը ծագի ու կը սկսինք վերստին տեսնել։ ''Հաւատքը արդարեւ Տիրոջ պարգեւն է, շնորհք է'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ հիւանդներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին խոկաց ցաւի ու տառապանքի իմաստին վրայ, նշելով թէ յաճախ անբացատրելի բաներ կը պատահին կեանքի ընթացքին, ու թէ նոյնինքն Յիսուս ուզեց մեր մօտ ըլլալ տառապանքի մէջ, իր կրած չարչարանքներով։ Նոր մկրտուած մանուկներու հետ հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ''յառաջ ընթացող կեանքի ուրախութիւնը'' ու ծնողները խրատեց իրենց զաւակներուն առջեւ չվիճաբանիլ ու օրը չ՛աւարտել առանց հաշտութեան։

Հովուական այցելութիւնը եզրափակող Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շեշտեց Քրիստոսը վկայելու հրամայականը` ոչ միայն խօսքով այլեւ գործերով։ ''Բաւարար չէ տասը պատուիրանները պահել''­­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ''Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ վկայել Յիսուսը''։  ''Ժողովրդապետութիւն մը կարող չէ վկայութիւն տալ Յիսուսի մասին եթէ իր ներքոյ կ՛իշխէ բամբասանքը։ Բամբասանքը կործանիչ է'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները անկեղծութեամբ վարուիլ մէկը միւսին հետ ու համերաշխ կերպով ապրիլ իրենց առօրեան, վկայելով Քրիստոսը ոչ միայն խօսքերով այլեւ շօշափելի գործերով։

Նախ քան Վատիկան վերադառնալը, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Եկեղեցիէն դուրս զինք սպասող ամբոխը, անոնց փոխանցելով վերջին պատգամ մը` այն է ''թաղամասը դարձնել խաղաղութեան թաղամաս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.