2017-01-16 14:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Խըրխըզիստանի մէջ բեռնատար օդանաւի արկածին ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 յունուարին ՝ կէս գիշերին, Խըրխըզիստանi Պիշքեք քաղաքի շրջակայքը գտնուող շէնքի մը վրայ ինկած է օդի մէջ  ջախջախուած թրքական ընկերութեան պատկան բեռնատար օդանաւ մը,  որուն հետեւանքով արձանագրուած են  32 մեռեալներ՝ որոնց  շարքին կան 13  մանուկներ։ Այս տխուր արկածի լուրը իմանալով,  երկուշաբթի, 16 յունուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց,  որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան խորին ցաւակցութիւնները բոլոր անոնց, որոնք  բեռնատար օդանաւի արկածի հետեւանքով կորսնցուցած են իրենց հարազատ սիրելիները։

Սրբազան Հայրը  ապահովեցնելով   իր աղօթքը շտապ օգնութեան հասնող բոլոր անձերուն, Աստուածային օրհնութիւնները շնորհած է բոլորին,  հայցելով Աստուծմէ  ուժ եւ սփոփանք բոլոր Խըրխըզիստանi ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.