2017-01-16 10:26:00

Նախաձեռնութեամբ պատրիարք Լուիս Սաքոյի ստեղծուեցաւ ''Իրաքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու պատրիարքութիւնը, նախաձեռնութեամբ պատրիարք Մար Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի, առաջարկ մը ներկայացուցած է Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներուն՝ հիմնելու “Իրաքի Եկեղեցիներու Խորհուրդ” մը։

Շաբաթ 14 Յունուարին, Պատրիարքութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ներկայացուած է նախաձեռնութիւնը եւ խորհուրդի կանոնադրութիւնը։ Խորհուրդը կրօնական մարմին մըն է, որուն մաս պիտի կազմեն իրաքի կաթողիկէ, ասորի, ուղղափառ եւ բողոքական Եկեղեցիները։ Անոր նիստը պիտի ըլլայ Պաղտատը։

Խորհուրդի նպատակն է, մէջտեղ բերել խաղաղութեան եւ ներդաշնակ համակեցութեան մշակոյթ մը եւ խթանել երկրի քրիստոնէական տարբեր իրականութիւններու միութեան հոգին՝ համադրելով կրթական եւ ընկերային գործունէութիւնները, կազմակերպելով աղօթքի հաւաքներ, ազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներու մէջ ցուցաբերելով միասնական դիրքորոշում, եւ յատուկ շեշտ մը դնելով ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներուն վրայ։ Խորհուրդի գործունէութեան մաս կը կազմէ նաեւ իսլամներու եւ այլ կրօնքներու հետ երկխօսութեան խորացումը։

Խորհուրդը կազմուած է երկու մարմիններէ։ Առաջինը՝ գործադիր մարմինը, որուն մաս կը կազմեն քաղդէացիներու պատրիարքը, արեւելեան ասորի Եկեղեցւոյ պատրիարքը, հին-արեւելեան Եկեղեցւոյ պատրիարքը՝ ներկայութեամբ ասորի ուղղափառ, ասորի կաթողիկէ, հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ լատին Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն։ Նաեւ Բողոքական, ղպտի, յոյն ուղղափառ եւ յոյն կաթողիկէ Եկեղեցիները պիտի ունենան իրենց ներկայացուցիչները։

Երկրորդ մամինը, ընդհանուր ժողովը, որ կազմուած պիտի ըլլայ բոլոր եկեղեցիներու եւ դաւանանքներու պետերէն եւ բոլոր եպիսկոպոսներէն։

Գործադիր մամինը պիտի ժողովուի ամէն երեք ամիսը անգամ մը, մինչ ընդհանուր ժողովի համար կը նախատեսուի տարեկան առնուազն մէկ հանդիպում։ Որոշումները պիտի առնուին ձայներու կէս առաւել մէկ մեծամասնութեամբ։

Խորհուրդի կանոնադրութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ Իրաքի եւ Քիւրտիստանի մարզի պետութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.