2017-01-16 09:24:00

«Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար» Հոլլանտ շեշտը կը դնէ «երկու պետութիւն» լուծումին վրայ


Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Փարիզի` «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար» խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններն են, որոնք պիտի առաջնորդեն խաղաղութեան` աւելցնելով, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը կը զգուշացնէ, որ «Երկու պետութիւն» լուծումը,  վտանգուած է:

Ան նշեց, որ այդ լուծումը հակառակ տարակարծութեանց, տակաւին մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ եւ նախկին համակարգի մը երազը չէ, այլ` միջազգային ընտանիքին մնայուն նպատակը:

Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, որ շրջանին մէջ պատերազմները եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը շեղած են Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան խնդիրէն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ իր կարգին յայտնեց. «Ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելը վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ գծով կատարած առաջարկը սադրանք է եւ լուրջ հետեւանքներ ունի:

Ան ընդգծեց, որ «երկու պետութիւններու լուծումը միակ կարելի լուծումն է»` շեշտելով. «Չենք կրնար ժամանակ կորսնցնել»:  Ան զգուշացուց շրջանին մէջ համատարած բռնարարքներու վտանգէն:

Նշենք, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 70 երկիրներու ներկայացուցիչներ, սակայն ոչ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շաբաթ օր` անդրադառնալով ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու առաջարկին, յայտնեց. «Այդ քայլը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգները պիտի զրկէ տագնապի լուծման մէջ որեւէ դեր ստանձնելու իրաւունքէն, այլ նաեւ վերջ պիտի տայ «երկու պետութիւն» լուծումին»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին` անդրադառնալով Փարիզի խորհրդաժողովին, ըսաւ.«Խորհրդաժողովը սնամէջ է եւ անոր նպատակը փորձելն է Իսրայէլին պարտադրելպայմաններ, որոնք չեն համապատասխաներ մեր ազգային կարիքներուն»:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնեց Նեթանիահուին` վստահեցնելով, որ Փարիզի խորհրդաժողովէն հակաիսրայէլեան յայտարարութիւն մը պիտի չբխի:








All the contents on this site are copyrighted ©.