2017-01-15 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը եւ Հռոմի մէկ ժողովրդապետութեան այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 Յունուար 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն, աւանդութեան համաձայն, արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչուած օրուան Աւետարանական ընթերցումէն որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ.1, 29-34) ուր կը պատմուի Յիսուսին ու Յովհաննու Կարապետի միջեւ հանդիպման մասին, ու այս վերջինիս արտայայտութեան ''Ահաւասիկ գառն Աստուծոյ որ կը վերացնէ աշխարհի մեղքերը''։

Սուրբ Յովհաննէս Կարապետը կը քարոզէ երկնքի արքայութեան մօտիկութիւնը ու կոչ կ՛ուղղէ պատրաստուելու, ապաշխարելու, ու արդարութեամբ վարուելու ու ահա Յիսուս կը մօտենայ անոր, ժողովուրդին հետ, մեղաւորներու շարքին։ Սուրբ Հոգին կ՛իջնէ Յիսուսին վրայ եւ Յովհաննէս կը ճանչնայ Մեսիան, ու ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս Գառն Աստուծոյ որ կու գայ իր վրայ առնելու աշխարհի մեղքերը։

Այս դէպքը վճռական է։ Վճռական մեր հաւատքին ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար ը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Առասպելական իրականութիւն մը չէ այլ պատմական դէպք մըն է։ Յիսուս եկաւ մեզ փրկելու։

Սուրբ Յովհաննէսի խօսքերը  ամէն օր կը կրկնուին սուրբ զոհի ընթացքին ''Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ որ կու գայ քաւելու աշխարհի մեղքերը''։ Այս ծիսական յատկանշականը կը ներկայացնէ համայն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` որով կը հռչակէ Քրիստոսը, որ է միակը որ կը փրկէ իր ժողովուրդը մեղքէն, զայն կ՛ազատագրէ ու կ՛առաջնորդէ դէպի աւետեաց երկիր, դէպի իսկական ազատութիւն։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը` Աստուծոյ Գառնի Մայրը` մեզ օգնէ հաւատալու ու հետեւելու Անոր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետըը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթելու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, Մարեմեան աղօթքը եզրափակելով  բոլոր ներկաներուն  մաղթելով բարի կիրակի` ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Նշենք թէ կիրակի 15 Յունուարի յետմիջօրէի 15,30-ին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Կուիտոնիա շրջանի ''Սեթթեվիլլէ-ի Սանթա Մարիա'' ժողովրդապետութեան, ու հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան զանազան խմբակցութիւններու հետ,  յատուկ այցելութիւն կատարելով օգնական ժողովրդապետ` Հայր Ճուզեփփէ Պերարտինոյին, որ ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ տարիներէ ի վեր մատնուած է անշարժութեան ու կ՛ապրի անկողինի վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւնը կ՛եզրափակէ ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.