2017-01-15 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Փախստականներու միջազգային օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը նշուի գաղթականներու ու փախստականներու միջազգային օրը, որուն բնաբանն է ''անչափահաս փախստականներ, խոցելի եւ առանց ձայնի''։ Այս մեր փոքրիկ եղբայրները, յատկապէս երբ առանձին են, թիրախ են վտանգներուն։ Հարկաւոր է առ այդ որեւէ միջոցի դիմել անչափահաս գաղթականներուն երաշխաւորելու համար պաշտպանութիւն ու ապահովութիւն''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գաղթականներու ու փախստականներու միջազգային օրուան առթիւ, կոչ ուղղեց ի պաշտպանութիւն անչափահաս երախաներուն, Կիրակի 15 Յունուարին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին։ Ան ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան ազգութեան պատկան գաղթական հասարակութիւնները հրաւիրելով զանոնք յարգելու զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն օրէնքներն ու աւանդութիւնները ու միեւնոյն ատեն պահպանելու իրենց հօրենական ինքնութիւնն ու մշակոյթը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ զանազան մշակոյթներու հանդիպումը հարստութիւն մըն է, ու շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Թեմի ''Միկրանթէս'' հաստատութեան, գաղթականներու ի սպաս տածած աշխատանքին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.