2017-01-15 09:00:00

''Աստուած օրհնէ երախաները պաշտպանողները'' Ֆրանչիսկոս Պապին 14 Յունուարի թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Գաղթականներու ու փախստականներու 103-րդ օրուան առթիւ, զոր կը նշուի Կիրակի` 15 Յունուարին եւ ունի որպէս բնաբան ՝՝Անչափահաս փախստականներ,  խոցելի եւ առանց ձայնի՝՝, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 14 յունուարին հրապարակած թուիթին մէջ մատնանշելով փախստական երախաներուն ու անոնց` գաղթականութեան բերումով յաճախ ապրած դաժան փորձառութեան, գնահատեց բոլոր անոնք որոնք օգնութեան կը հասնին այդ փոքրիկներուն ու Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց անոնց վրայ։

''Անողոք շահագործումը մեծ չարիք կը հասցնէ երախաներուն, որոնք կը նկատուին որպէս ապրանք ու դարձած են ստրուկ։ Աստուած օրհնէ անոնք որոնք կ՛ազատագրեն այդ մանուկները։ @M_RSection'' գրեց Նորին Սրբութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.