2017-01-14 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Global Foundation ըներակցութեան պատուիրակութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 յունուարին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունելով Global Foundation ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը,   արտասանեց ճառ մը որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնելով զանոնք ընդունելուն համար  մատնանշեց ընկերակցութեան Հռոմի մէջ գումարած ՝՝կլոր սեղանին՝՝ որուն այս տարուայ բնաբանն է ՝՝միասին յանձնառու ենք հասարակաց համընդհանուր բարիքին համար՝՝ եւ որուն նպատակակէտն է որոնել ուղիղ ճանապարհներ, կարող տանելու ՝՝համագործակցութեան՝՝ համաշխարհայնացումի` այսինքն դրական որ կը հակասէ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ նպատակը այն է երշախաւորել  համընդհանուր հասարակութեան.  որ  կազմուած է  հաստատութիւններէ, գործարաններէ, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներէ,  կարողանայ  ձեռքբերել  միջազգային գետնի վրայ առնուած որոշումները   ու նպատակները

Այս ծիրէն  ներս Սրբազան Հայրը շեշտեց , թէ անմարդկային եւ անըդնդունելի է տնտեսական համաշխարհային  համակարգը մը,   որ  կ՝անտեսէ մարդիկ,  կիներ եւ մանուկներ, որոնք չեն համապատասխաներ ընկերութեան, գործարաններուն  շահաբեր  չափանիշերուն։ Այս տեսակի մեկուսացումի համակարգն է , որ  հիմքը  կազմէ անյաջողութեան,  որեւէ քաղաքական եւ տնտեսական գործընթացքին  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ   բոլոր անոնք որոնք  պատճառ կը դառնան ուրիշներուն մեկուսացումին՝ - գաղթականներ, բռնաբարուած մանուկներ , աղքատներ որոնք  կը մեռնին  ցուրտի հետեւանքով,   այս մարդիկը   կը դառնան առանց հոգիի մեքենաներ, ընդունելով  որ օրին մէկը իրենք եւս  պիտի անտեսուին երբ անշահաբեր եւ անօգտակար դառնան ընկերութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ճառին մէջ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին յայտնած մտավախութիւնները ու մտահոգութիւնը  նոր տնտեսական եւ համաշխարհային համակարգի  ստղեյծումի նկատմամբ,   որ պիտի անտեսէր եւ մէկդի պիտի դնէր թշուառներն ու աղքատները։ Դժբախտաբար, ըսաւ Քահանայաղետը, Սուրբին տեսիլքները իրականացան ընդգծելով թէ՝ միաժամանակ , շատեր,   անթիւ հաստատութիւններ աշխատանք տարին դարման գտնելու   անպատասխանատու համաշխարհայնացումէն յառաջացած չարիքներուն եւ ասոնց շարքին է նաեւ ՝՝Մայր Թերեզան որ Սուրբ հռչակուեցաւ։  ՝՝Ան  ծունկի եկաւ ճանապարհներու  վրայ լքուած մարդոց դիմաց , ճանչնալով իւրաքանչիւրին արժանապատուութիւնը՝  տրուած Աստուծմէ՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով,  որ իւրաքանանչիւր մարդ անտաբեր չի մնայ աղքատներուն վէրքերուն դիմաց ,  գիտնայ բաժնեկցիլ անոնց զաւը ու ցաւն անոնց  որոնք կը տառապին հալածանքներէն, բռնի տեղհանութենէն, ընտանիքի բաժանումէն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը տանջուին  ցուրտէն եւ անօթութենէն։ 

Այս կարեկցութեան հոգին է որ պիտի յատկանշէ տնտեսական ու քաղաքական գործիչները,  որպէսզի անոնք կարենան մարդկային իմաստութեան կարելիութիւններն ու աղբիւրները օգտագործեն, ոչ միայն հսկելու  համաշխարհայնացումին արդիւնքներուն վրայ  այլեւ օգնելու համար  քաղաքական զանազան խաւերու պատասխանատուները, ուղղելու համար իրենց ընթացքը ամէն անգամ որ կարիքը զգացուի։   

Եկեղեցին  միշտ կը վստահի,  որովհետեւ գիտակից է մարդկային բանականութեան հզօր կարողութիւններուն, որ թոյլ կու տայ առաջնորդուիլ Աստուծմէ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց  քաջալերելով  ներկաները յառաջ ընթանալու,   որպէս ուղեցոյց ունենալով Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը։

 

Շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեզի կը վստահեցնեմ աղօթքներս ու կը խնդրեմ,  որ անձնական ողջոյնս եւ օրհնութիւնս փոխանցէք ձեր ընտանիքներուն ու համագործակիցներուն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.