2017-01-14 08:52:00

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է իր 100 օրուան պաշտօնական աշխատանքները։


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր նշանակումէն չորս ամիս ետք տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է ցարդ տարուած աշխատանքներուն:

Ան ներկայացուցած է տարբեր մարզերու մէջ արձանագրուած խնդիրները, մասնաւորաբար նշելով, թէ ի՛նչ խնդիրներ կան պետական կառավարման մէջ, եւ որոնք այս տարի փոփոխութեան ենթակայ են: Անոնց կարգին են ոչ հաւասարակշռուած պարտաւորութիւնները եւ պարտականութիւնները, ժողովրդավարական դարձած համակարգերը, առողջապահութեան համակարգը, արդարադատութեան, արտածման եւ ներածման, գիւղատնտեսութեան եւ այլ մարզեր:

Վարչապետը հակիրճ կերպով ներկայացուցած է իր 100 օրուան պաշտօնավարման աշխատանքները. «100 օրուան ընթացքին պետական կառավարման համակարգէն մօտաւորապէս 3000 պաշտօն կրճատուած է: Պետական կառավարման համակարգին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ ունինք, եւ այդ խնդիրներու վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ այնպէս, որ պետական համակարգին մէջ աշխատողին վարձատրութիւնը կախեալ ըլլայ արդիւնքէն:

«Պետական աշխատողներու աշխատավարձերու բարձրացման ծիրին մէջ վերջնական լուծում չունինք: Հիմնական լուծումը այն է, որ տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ, շահոյթները բարձրանան, եւ մենք պէտք է պետական կառավարման համակարգին մէջ այնպիսի պայմաններ ստեղծենք, որ լաւագոյն մասնագէտները վարձենք»:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան եւ կազի սակերու նուազեցման` վարչապետը յայտնած է, որ շատ խօսուած է այն մասին, որ ելեկտրականութեան սակի նուազումը աննշան է. ան դիտել տուած է սակայն, որ հարցին պէտք չէ այդպէս մօտենալ, որովհետեւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող խաւին համար սակի մօտաւորապէս 15 առ հարիւրի նուազում կայ ցերեկը, իսկ գիշերը` գրեթէ 20 առ հարիւր, իսկ կազի պարագային նոյն խաւին համար կայ 146,7 դրամէն 100 դրամի գինի նուազում:

Վարչապետը նաեւ խօսած է ընդհանրապէս շրջանառութեան մէջ եղող եւ յատկապէս  լրատուամիջոցներուն կողմէ լուսարձակի տակ առնուող այն դիտարկման մասին, որ ինք 2018-ին վարչապետ պիտի ըլլա՞յ. «Վստահութիւն կայ, եթէ կարելիութիւն չունենամ` ուրեմն չեմ ըլլար, տրամադրուած եմ արդիւնաւէտօրէն աշխատելու` այո՛, եթէ այդպէս աշխատիմ, ինչ կապ ունին ապրիլի ընտրութիւնները»:

Ռուսիոյ հետ կապերու պարագային Կ. Կարապետեան հաստատած է, որ տնտեսական կապերը կ՛օժանդակեն յարաբերութիւններ հաստատելու` աւելցնելով, թէ Ռուսիոյ հետ կան նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնց մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին:

Փոփոխութիւններու ծրագիրին առնչութեամբ ան ըսած է. «Կը խնդրեմ հասկնալ, որ տնտեսութեան այս մեծ համակարգը մէկ օրուան մէջ փոխելու կարելիութիւն չկայ, եւ մեր խնդիրն է ամէնօրեայ աշխատանքի մէջ ազդակները ներկայացնել, որ քաղաքացիները ատիկա զգան: Մենք ըսած ենք, որ բաց ենք, եւ համոզուած եմ, որ ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք»:

Խաղաղութեան դիմաց տարածքներու զիջման գծով վարչապետը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստան ունի տարբերակ, երբ հայկական կողմի ինքնասիրութիւնը, անվտանգութիւնը, յաղթանակը կրցած ենք պաշտպանել, պահել` համապատասխան տրամաբանական բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք:

«Նայած` ի՛նչ փոխզիջում կը կատարենք: Եկէք` երբ գայ պահը… փոխզիջումը ո՛չ միայն տարածքն է, փոխզիջումը կարգավիճակ է, փոխզիջումը տարբեր բաներ են: Ես չեմ կարծեր, որ որեւէ մէկը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ որոշում տուող ըլլայ ու իր վրայ ըլլայ այդ պատասխանատուութիւնը, կու տայ այնպիսի որոշում, որուն հետ մեր ազգը, մեր քաղաքացիները համաձայն չըլլան»:

Տնտեսական աճին մասին խօսելով` վարչապետը դիտել տուած է, թէ պիւտճէն չէ ապահովուած բազմաթիւ պատճառներով:

Ըստ վարչապետին, Հիւսիս-հարաւ ուղին կառավարութեան համար շատ կարեւոր է, եթէ կառուցումը սկսած են, ուրեմն պիտի շարունակեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.