2017-01-13 12:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 յունուարի քարոզը։ Հետեւիլ Յիսուսին քաջութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Յիսուսին հետեւելու համար պէտք է, որ քալենք եւ ոչ  թէ անշարժ մնանք։ Ճշմարիտ եւ հարազատ հաւատքը մեզ վտանգի կ՝ենթարկէ, սակայն կը պարգեւէ իսկական յոյսը՝՝։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 13 յունուար 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի  մատրան մէջ կատարած խորհրդածութեան նիւթը։   

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի անդամալոյծ հիւանդ մարդու մը մասին, որ մահիճով տանիքէն վար իջեցուցին եւ դրին Յիսուսին առջեւ  որպէսզի բուժէ զայն, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ  Յիսուսին հետեւելու համար  անհրաժեշտ է  քալել եւ երբեք անշարժ չի մնալ նոյնիսկ եթէ մեր կեանքը վտանգի ենթարկուի,  նման այն մարդոց որոնք քաջ գտնուեցան եւ արկածախնդրութեամբ  անանդամալոյծ մարդը  տանիքէն  վար իջեցուցին։

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ,  որ նոյնիսկ եթէ մեր դիտաւորութիւնը ամբողջութեամբ մաքուր եւ կատարեալ չ՝ըլլայ , կարեւորը Յիսուսին հետեւիլ  ու անոր ետին  քալելն է, որովհետեւ Յիսուս  լաւ գիտէ թէ բոլորս մեղաւորներ ենք։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը աւետարանական զանազան այլ օրինակներ մէջբերելով ընդգծեց թէ Յիսուսին հետեւիլը   դիւրին չէ, սակայն գեղեցիկ է, եւ թէ Անոր հետեւելով միշտ  վտանգի կ՝ենթարկուինք եւ շատ անգամ նոյնիսկ ծիծաղելի կը դառնանք բայց եւ այնպէս Յիսուսին մէջ կը գտնենք այն ինչ որ կը փնտռենք` մեղքերու թոյութիւնը որովհետեւ   բոլորս քաջ  տեղեակ ենք, թէ մեղաւորներ ենք, եւ ասոր համար է որ կը հետեւինք Յիսուսին` հանդոպելու համար Անոր։

Ֆրանչիսկոս պապ քարոզը եզրափակեց ի յայտ դնելով, որ    Յիսուսին հետեւիլ նոյնիսկ եթէ վտանգի մէջ կը գտնուինք կը  նշանակէ հաւատք ունենալ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց` մենք զմեզ հարցաքննել ու տեսնել  եթէ կը վստահինք Յիսուսին, եթէ կը քալենք Անոր ետին , կամ եթէ  անշարժ  նստած ենք՝ ուրիշները դիտելով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.