2017-01-13 12:30:00

Ֆրանչիկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան աշխատակազմի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 յունուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Ժողովուրդիներու աւետարանացումի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին որմէ ետք ընդունեց Պոզնիա Էրզէկովինա եւ Մոնթենեկրոյի մօտ առաքելական նուիրակ գերապյածռա Լուճի Փեցցութոն հուսկ Արաբական Երկիրներու Լիկայի Սուրբ Աթոռի պատուիրակ եւ Եգիպտոսի  մօտ առաքելական նուիրակ գերապյածռա Պրունօ Մուզարոն։ 

Ժամը 12,15-ին Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  , Յիսուսի Սուրբ Ծննեդան եւ Ամանորի առթիով, ընդունեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան աշխատակազմի անդամներն ու պատասխանատուները։

Այս առթիւ  արտասանած Ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր  երախատագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն իրենց կատարած  դժուարին եւ վտանգաւոր վեհանձն ծառայութեան համար կոչելով զանոնք ՝՝Սուրբ Պետրոսի հրապարակի պահապան հրեշտակները՝՝։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան, որուն ընթացքին անթիւ հաւատացեալներ ուխտագնացութեան եկան Հռոմ, եւ այս առնչութեամբ Վատիկանի ոստիկաններուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ուխտաւորներուն ապահովուութիւնը երաշխաւորելուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ , ապա  ակնարկելով վերջերս նշուած Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, յայտնեց թէ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, անգամ մը եւս մեզ բոլորս մղեց համաչափուելու Աստուծոյ Որդիին էջքին հետ , որ բացի մղքէն` ուզեց մեզի նմանիլ, հասկցնելու համար ,  թէ ինչքան մեզ  սիրեց եւ կը սիրէ։ 

՝՝Յիսուսի այս անսահման սէրը յարատեւ հրաւէր մըն է դարձի գալու, եւ հրաւէր հիւրընկալութեան,  զօրակցութեան ինչպէս նեաւ  ներումի, որպէսզի կարենանք փորձարկել Բեթղեհեմի այն խաղաղութիւնը, զոր հրեշտակները աւետեցին բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց՝՝ նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ ու ճառը աւարտեց բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրոջ հովանին`  իրենց, Իտալական եւ Վատիկանի այլ անվտանագութեան  հաստատութիւներուն հետ կատարած պարտականութեան համար ապա հայցեց  Տիրամօր` Յիսուսի քնքուշ մօր աջակցութիւնը ու բոլոր ներկաներուն  տուաւ իր Առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.