2017-01-13 09:56:00

Լիբանանահայ գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներու ամանորեան խրախճանք


Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովը ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով լիբանանահայ գաղութի անտէր ու կարիքաւոր ծերունիներուն համար կազմակերպած էր խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեան

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ այս տարի եւս հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւնները ձեռք-ձեռքի տալով վերանորոգեցին իրենց ուխտը եւ ամէն ճիգ ի գործ  դրին ուրախացնելու տարեցները` անոնց օրհնութիւնը ստանալու համար: Ան իր խօսքի ընթացքին անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Վերանորոգումի տարուան» նպատակին, որ է մոռնալ անցեալի դժբախտութիւնները, դժուարութիւններն ու նեղութիւնները եւ ապրիլ ներկան ուրախ ու լեցուիլ յոյսով: Խօսքի աւարտին ան նշեց, որ իւրաքանչիւրին առաջնահերթ պարտականութիւնն է տարեցներուն նկատմամբ հոգածութիւն,  սէր ու յարգանք ցուցաբերել եւ առաւելագոյն չափով զուարճացնել զիրենք:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի երգերով ու արտասանութեամբ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին, Իսկ ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ իւրայատուկ տարազներով բեմականացուցին հայկական պար մը, ապա երկու փոքրիկ տհոլահարներ  ներկայացուցին գեղեցիկ կտոր մը, որով խանդավառեցին մթնոլորտը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր ալ գտնուին անոնք, մեծ կարեւորութեամբ կը հոգան թէ՛ իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան, եւ թէ՛ լաւագոյնս կը խնամեն տարեց մամիկներն ու պապիկները: Ան կոչ ուղղեց բարի գործերով միանալու: Իր խօսքի աւարտին Գէորգ եպս. Ասատուրեան ըսաւ. «Աստուած մեզմէ կը սպասէ սէր. միշտ աշխատինք բարձր պահել մենք զմեզ, հպարտանանք մեր հայութեամբ. սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամով միշտ դէպի առաջ երթանք»:

Ապա Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան աղօթքով օրհնեց սեղանները եւ անոր շուրջինները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ տուած բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար, որոնք կը վայելենք: Խնդրեց, որ Աստուած օրհնէ բարեսիրական հաստատութիւններու բոլոր գործունէութիւնները եւ գործիչները, օրհնէ ընտանիքները եւ զաւակները խաղաղութեամբ,  օրհնէ մեր ժողովուրդը, որ լոյսով ապրի եւ լուսաւորէ իր շուրջինները  թէ՛ վկայութեամբ եւ թէ՛ օրինակով:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աշխարհը լեցուն է ցաւցնող երեւոյթներով, բայց միեւնոյն ժամանակ կան հաճոյք պատճառող բաներ, որոնք մեզի տրուած են Աստուծոյ կողմէ: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ըլլալու իմաստուն, հոգ տանելու առողջութեան, որպէսզի Աստուծոյ բարիքները ճիշդ ձեւով կարենանք տնտեսել եւ վայելել: Ան մաղթեց, որ հայ ազգի երէց սերունդի ներկայացուցիչները ըլլան առողջ, որովհետեւ անոնց հետ է հայ ազգի  յիշողութիւնը եւ անցեալի վաստակը: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց նաեւ, որ Հայաստան աշխարհը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ ամբողջ աշխարհը եղբայրութեան նոր մթնոլորտի մը մէջ խաղաղ կերպով վարեն կեանքը: Ապա խօսքը ուղղելով տարեցներուն մաղթեց. «Եղէ՛ք երջանիկ, առողջ եւ հաւատքով ապրեցէ՛ք առօրեան` յիշելով, որ շրջապատուած էք մեր ազգի զաւակներուն սիրով ու յարգանքով: Իրարմով մենք զօրաւոր ենք, իրարմով ուրախ ենք»:

Սեղաններուն շուրջ խմբուած տարեց մամիկներն ու պապիկները միասնաբար ճաշեցին եւ վայելեցին Արարատ Ահարոնեանի ստեղծած զուարթ մթնոլորտը` ճոխ երգերով:

Աւարտին բոլոր տարեցներուն բաժնուեցան նուէրներ` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.