2017-01-13 09:50:00

Իսրայէլեան օդուժը կը ռմբակոծէ Դամասկոսի մօտ Մազզէի օդակայանը


«Ալամ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ կէս գիշերէն ետք իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Դամասկոսի մօտ գտնուող Մազզէի օդակայանը: Կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, ռմբակոծումէն առաջ շրջանը ցնցած էին ուժգին պայթումներ:

Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնը գտնուող Քաֆարսուսա շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցած է ահաբեկչական պայթում, որ պատճառած է 7 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.