2017-01-13 08:32:00

14 Յունուարին Սրբազան Քահանայապետը կը մկրտէ 8 մանուկներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 Յունուարի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ սուրբ մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը հարուածող երկրաշարժէն ետք ծնած ութը մանուկներուն։ Լուրը հաղորդած է Ռիեթի թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Տոմենիքօ Փոմփիլի։
Ութը մանուկները` երկրաշարժի կեդրոն հանդիսացող Ամաթրիչէ եւ Աքքումոլի փոքրիկ գիւղաքաղաքներու մէջ ծնած են եւ կը ''մարմնացնեն յոյսը` թէ կեանքը կը շարունակուի'' հաստատած է գերապայծառ Փոմփիլի` թեմին պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.