2017-01-12 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 յունուարի քարոզը ՝՝այսօր եւ բաց սիրտ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 12 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, Ֆրանչիկսոս Պապ իր  արտսասանած քարոզին մէջ յորդորեց հաւատքէ զուրկ  կարծր սիրտ մը չ՝ունենալ   այլ՝  Տիրոջ դիմաց  բաց  սիրտ մը։

Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը ամբողջութեամբ կեդրոնացուց ՝՝այսօր՝՝ եւ ՝՝սիրտ՝՝ բառերուն վրայ։  Անդրադառնալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն՝ քաղուած  Սուրբ Պօղոսի թուղթերէն,  ուր կը խօսուի ժամանակի եւ Սուրբ Հոգիի մասին,  Սրբազան Հայրը  նկատել  տուաւ, որ ՝՝այսօր՝՝ բառը,  որուն մասին  Սուրբ Հոգին կը խօսի,  մեր կեանքն է, եւ թէ այդ ՝՝այսօրը՝՝ երբեք պիտի չի կրկնուի։ 

Այսօրուան մէջ է  որ ստացանք Աստուծոյ սէրը, այսօր է ,որ  Աստուած խոստում կատարեց՝ Զինք վերագտնելու։  ՝՝Այսօր՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը կրնանք վերանորոգել մեր հաւատարմութեան դաշինքը Աստուծոյ հետ  ընդգծելով թէ ՝՝վաղը  կը կատարեմ՝՝ ըսելը փորձութիւն կը համարուի։ ։

Անդրադռնալով  երկրորդ բառին՝ սրտի մասին,  Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց , թէ  սրտով է որ կը հանդիպինք Տիրոջ  եւ ասոր համար է , որ   պէտք է հարցաքննենք մեր  սրտերը եւ ստուգեն  եթէ անոնք  լեցուն են  հաւատքով կամ հրապուրուած են մեղքերէ։  

՝՝Պէտք է բաց սիրտ մը ունենալ Տիրոջ հանդէպ եւ ան երբեք պէտք չէ մեղքերէն հրապուրուած ըլլայ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, թէ շատեր հանդիպեցան Յիսուսին, սակայն ունէին փակ սրտեր,  ասոնց շարքին օրէնսգէտները, որոնք Տիրոջ փորձութեան ենթարկեցին՝ զինք դատապարտելու համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով տուն վերադառնալ վերոնշեալ բառերով,  առաջին ինչպէ՞ս է մեր այսօրը,  ինչպէ՛ս կ՝ընթանայ մեր օրը Տիրոջ ներկայութեամբ եւ երկրորդ ինչպէս է իմ սիրտս, արդեօք բաց եւ հաստատ է հաւատքին մէջ։

Այս երկու հարցումներով խնդրենք Տիրոջմէ , որ իւրաքանչիւրիս  շնորհէ այն ինչ որուն կարիքը  ունինք յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.