2017-01-12 09:01:00

Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները ըստ ''World Watch''ի նոր տեղեկատուութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''World Watch'' կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2017ի տարեկան տեղեկատուութիւնը, ուր կը յիշուին այն երկիրները, ուր  քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներ կը կատարուին։

Տեղեկատուութեան մէջ կը մանրամասնուին հալածանքները անհատի, ընտանիքի կամ համայնքի դէմ, ըլլա՛յ անոնց բնակութեան, եկեղեցւոյ կամ հրապարակային կեանքին մէջ։

Յիշեալ երկիրներու առաջին 50ին մէջ, 215 միլիոն քրիստոնեաներ ենթակայ են այդ հալածանքներուն։ Այնտեղ, ընդհանուր բնակութեան (4,83 միլիար) 30 տոկոսը քրիստոնեաներ են։ Ամենէն բուռն հալածանքները տեղի կ՛ունենան Ուկանտայի, Նեփալի, Ատրպէյճանի, Քիրղիզիստանի, Նիճերի եւ Քուպայի մէջ։

Մտահոգիչ է Ասիոյ վիճակը։ Հնդկաստանի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունի Պհարաթիա Եանաթա ազգայնական կուսակցութիւնը, որուն թիրախ են քրիստոնեաները։

Պանկլատեշի, Լաոսի, Պհութանի եւ Վիեթնամի մէջ վատթարացած է վիճակը։ Նաեւ Սրի Լանքայի մէջ սկսած է ուժեղանալ ազգայնական պուտտիստներու ազդեցութիւնը։ Իսկ հալածանքներու առաջին աղբիւրը նկատուած է իսլամական ճնշումը։ Այնտեղ ծայրայեղականութիւնը կը խորանայ մնալով քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքի գերիշխող պատճառը։ Այստեղ կը յիշուին Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ենթա-Սահարային Ափրիկէի երկիրները։

Իսլամութեան ճնշումը շատ ուժեղ է նաեւ Փաքիստանի մէջ, որ տեղեկատուութեան ցանկին չորրորդ տեղը կը գրաւէ։ Մինչ ցանկին առաջին տեղը կը մնայ Հիւսիսային Քորէան, իսկ երկրորդ տեղը՝ Սոմալիան։ Եմենի մէջ, որ 9րդ տեղը կը գրաւէ, քրիստոնեաները մնացած են հակամարտ կողմերու միջեւ։

Տեղեկատուութեան մէջ առնուած ժամանակաշրջանին, որ կը ներգրաւէ 2015ի Նոյեմբեր 1էն մինչեւ 2016ի Հոկտեմբեր 31ը, 1207 քրիստոնեաներ սպաննուած են, եւ յարձակումներու թիրախ դարձած են 1329 եկեղեցիներ։ Քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ տալ մարտիրոսներ։ Ըստ կազմակերպութեան, դժուար է ունենալ ճշգրիտ թիւեր, որովհետեւ շատ մը դէպքեր կը մնան անծանօթ։ Մինչ, բաղդատութեամբ նախորդ տարուան տեղեկատուութեան, Ափրիկէի մէջ Պոքօ Հարամի զօրեղացումը եւ այլուր Իսլամական Պետութեան տարածումը կասեցուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.