2017-01-12 09:14:00

ՄԱԿ մտահոգ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան հետեւանքներով


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը մտահոգ է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Պապ քաղաքի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ թրքական զինուորական գործողութեան մարդասիրական հետեւանքներէն:

«ՄԱԿ-ը մտահոգ է խաղաղ բնակիչներու վիճակէն, որոնց վրայ ազդած են Պապի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուող գործողութիւնները», ըսած է Տիւժարիք:

Ըստ անոր, քաղաքը եւ անոր շրջակայքը լքած է շուրջ երեսուն հազար մարդ: Բացի ատկէ, համաշխարհային կազմակերպութիւնը տեղեկութիւն ստացած է մարտական գործողութիւններուն պատճառով քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերու մասին, գործողութիւններ, որոնք վերջին ամսուան ընթացքին զգալիօրէն աշխուժացած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.