2017-01-12 09:19:00

''Երիտասրադներուն'' հայող ԺԴ սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 յունուար 2017-ի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը ներկայացուի` 2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նախատեսուած,''Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը'' նիւթ ունեցող Եպիսկոպոսներու ԺԴ սովորական սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթը։

Վերոնշեալ փաստաթուղթի ներկայացումը կը կատարեն Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար` Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսերի եւ Սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ, ներկայացումին ելոյթ կ՛ունենան նաեւ երկու երիտասարդներ։ Սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթը պիտի հրապարակուի վեց լեզուներով. Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն եւ Փորթուկալներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.