2017-01-11 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 յունուարի թուիթը ''Սատարենք ողորմութեան մշակոյթին''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իւրաքանչիւր անձ կարող է սատարել ողորմութեան մշակոյթին` ուր ոչ մէկը միւսին կը նայի անտարբերութեամբ'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հաւատացեալները շարունակելու ողորմութեան սուրբ տարւոյն ուղեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը Յոբելենական տարւոյն Սուրբ Դռներու փակման առթիւ յայտնած էր թէ Սուրբ Դռները կը փակուին սակայն Աստուծոյ անհուն ողորմութեան սրտի դռները միշտ բաց կը մնան ու հրաւիրած էր բոլոր քրիստոնեաները օգուտ քաղելու Սուրբ տարուան մեզի պարգեւած շնորհքներէն ու զանոնք իւրացնելով տարածել ամենուրէք ու յատկապէս այն կեանքի արուարձաններուն մէջ ուր կ՛իշխէ անտարբերութեան ստուերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.