2017-01-09 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Քրիստոնեայի կեանքը պարզ է կարեւորը մեր կեանքին կեդրոն ընտրել Յիսուսը


(Ռատիօ Վատիկան)  Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եւ ամանորի տօներու առիթով կարճ  դադարէ մը  ետք, երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ին, սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ Պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։ Այսօրուան քարոզին նիւթը հանդիսացաւ  Քրիստոնեայի կեանքը,  որ պարզ կեանք մըն է, ըսաւ Ան,  եւ կարիքը չ՝ունի արտասովոր, դժուարին գործեր իրագործելու, հարկաւորը այն է Յիսուս ընտրել, որպէս առօրեայ կեանքի կեդրոն  եւ այս ընելու համար Սրբազան Քահանայապետը  յորդորեց երեք պարտականութիւններ կատարել։ 

Առաջին,  Ճանչնալ Յիսուսը՝ աղօթքի, Սուրբ Հոգիի եւ Աւետարանի միջոցաւ, Աւետարանը միշտ մեր հետ տանելով եւ ամէն օր հատուած մը կարդալով, զոր միակ միջոցն է Քրիստոսը ճանչնալու, ըսաւ Սրբազան Հայրը նշելով թէ ատկէ ետք  Սուրբ հոգին է, որ կը շարունակէ գործը։

Երկրորդ պարտականութիւնը,  պաշտել Յիսուսը։  Ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց տուաւ երկու ձեւեր՝ Յիսուս պաշտելու համար։  Լռութեան մէջ աղօթքով պաշտամունք կատարել,  ապա՝ մեր սրտէն դուրս հանել այն աւելորդ բաները զոր կը պաշտենք եւ  մեր մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն։

՝՝Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՝՝ աղօթքը լռութեան մէջ կատարել՝   Աստուծոյ անհունութեան դիմաց, եւ   պաշտել Յիսուսը ըսելով  ՝՝Դուն միակն  ես, Դուն սկիզբ ու վերջն ես եւ Քու  հետդ կ՝ուզեմ մնալ բոլոր կեանքիս ընթացին ՝՝  ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկելով երրորդ պարտականութեան նշեց, թէ անիկա Յիսուսին հետեւիլն է, նման առաջին առաքեալներուն։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նշեց, թէ  Քրիստոնեայի կեանքը պարզ կեանք մըն է , սակայն՝ կարիքն ունինք Սուրբ Հոգիին շնորհքին ,  որպէսզի մեր մէջ արթուն պահէ Քրիստոսը ճանչնալու տրամադրութիւնը.... Քրիստոնեայ ըլլալու համար կարիքը չի կայ արտակարգ,  դժուարին գործեր  կատարելու այլ պարզ բաներու'' ըսաւ Սրբազան Հարը հայցելով Տիրոջմէն,  որ մեզի պարգեւէ Յիսուսը ճանչնալու, Զինք պաշտելու եւ Իրեն հետեւելու շնորհքը ։

,,








All the contents on this site are copyrighted ©.