2017-01-09 09:33:00

Օպամա 10 յունուարին պիտի արտասանէ հրաժեշտի խօսք մը


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ 10 յունուարին պիտի արտասանէ հրաժեշտի խօսք մը` ամփոփելով իր նախագահութեան տարիներն ու շնորհակալութիւն յայտնելով իր աջակիցներուն:

Յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթըն իր հրաժեշտի խօսքը ըսած էր 1796-ին` Օպամա նշած է, որ հրաժեշտի խօսքը պիտի արտասանէ իր հայրենի Շիքակոյի մէջ:

«Կը կարծեմ, որ ասիկա կարելիութիւն է շնորհակալութիւն յայտնելու այս զարմանահրաշ ճամբորդութեան համար, նշելու այն ուղիները, որոնցմով այս երկիրը 8 տարիներու ընթացքին  փոխուած է դէպի լաւը եւ որոշակի միտքեր առաջարկելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յառաջ շարժինք այս կէտէն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը:

Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 յունուարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.